ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը Երեքշաբթի օր հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Այսօր կրկին հայութիւնը յայտնուել է պատմական կարեւոր փորձութեան շեմին»:
«Եահկ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրների ղեկավարների վերջին յայտարարութիւնը ոտնահարում է Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ անտեսում ԼՂՀ գոյութեան փաստը: Այն Արցախի հիմնախնդրի հանգուցալուծումը կանխորոշում է ի վնաս Հայաստանի եւ հայութեան: Հայրենակիցնե՛ր, մենք դէմ ենք մեր երկրի եւ ողջ հայութեան կենսական շահերը վտանգող որեւէ զիջման», կը յայտնէ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինին յայտարարութիւնը:
Գերագոյն մարմինը իր ընդվզումը արտայայտելու համար նաեւ կազմակերպած է բողոքի ցոյց մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի օր, Յուլիս 16ին, Երեւանի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ: Մասնակցելով ցոյցին՝ «Վերահաստատենք ազգային-պետական հիմնահարցերում հայութեան միասնականութիւնն ու վճռականութիւնը», ըսուած է Գերագոյն մարմնի կոչ-յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ յաջորդ օրը՝ Ուրբաթ, 17 Յուլիսին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Գերագոյն մարմինի կոչը կը յայտնէ նաեւ, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ նոյնպէս տեղի պիտի ունենան բողոքի արտայայտութիւններ:
«Միանանք հայութեան համընդհանուր ընդվզումին», կ՛ըսէ Դաշնակցութեան հրապարակած յայտարարութիւնը: