ՌԻԹԱ ՀԻՆԴԼԵԱՆ
ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 89րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ 9 Յուլիսին եւ ժողովը աւարտեցաւ 12 Յուլիսին, ՀՕՄի Շրջանային կեդրոնի սրահին մէջ:
Բացման հանդիսութիւնը կատարուած էր 9 Յուլիսի կէսօրէն, Կլէնտէյլի «Պրէնտվիու քոլէքշըն» սրահին մէջ (տե՛ս «Ասպարէզ»ի Յուլիս 11ի թիւը):
Ժողովը կարգի հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեանը, որ ապա փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ կոչ ընելով ժողովականներուն, որոնք լայնախոհութեամբ, արդար դատողութեամբ եւ օրինապահութեան սահմաններուն մէջ աշխատանքի անցնին:
ՀՕՄը այն կազմակերպութիւններէն է, որ կը յատկանշուի իր յատուկ կազմակերպչական մշակոյթով: Այս մշակոյթը, իր կանոնագրով, անգիր օրէնքներով եւ աշխատելաձեւով կը փոխանցուի անդամէ անդամ, սերունդէ սերունդ: Պատգամաւորական ժողովը, հակառակ իր պատկառելի օրակարգին, այն տեղն է, ուր թէ՛ ՀՕՄի մշակոյթը կը փոխանցուի փորձառուէն անփորձին, թէ՛ շրջանի գործունէութիւնը կը քննարկուի եւ թէ՛ որոշումներ կ՛առնուին յաջորդ տարեշրջանին համար:
Այս ժողովին, ընտրուած դիւանի եւ յանձնախումբերու մէջ կարելի չէր գիտնալ՝ փորձառուն կամ անփորձը ո՞վ էր: Երբեմն աւելի երիտասարդ էին, երբեմն աւելի տարեց: Կողք-կողքի նստած, անոնք իրարմէ սորվեցան եւ նոյն ժամանակ ժողովի օրակարգերը գործադրեցին: Ուրախալի էր, որ Պատգամաւորական ժողովի մասնակիցներ, ոչ միայն իրենցմէ սպասուածը կատարեցին, այլ նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին յաջորդ տարիներուն աւելի կարեւոր մասնաճիւղային եւ շրջանային յանձնառութիւններ ստանձնելու:
Ժողովը լրջօրէն քննեց շրջանը եւ հայութիւնը յուզող մտահոգութիւնները եւ հարցերը. անոնք կը յատկանշուէին մարդկային եւ դրամական միջոցներու սահմանափակութիւններով, բայց հարցերու ծանրութիւնը պատճառ չէր, որ ժողովականները, ինչպէս նաեւ ժողովին հետեւող «դիտող» անդամուհիները, հազուադէպօրէն խմբովին չխնդային կամ չյուզուէին: Հարցերու քննարկումը առիթ տուաւ, որ ժողովականները ի հարկին յիշեցնեն ծրագիրներու բուն դրդապատճառները ու հարկ եղած պարագային՝ նոր լուծումներ առաջարկեն, միշտ ՀՕՄի տեսլականին ծառայելու նպատակով: Միտքերը երբեմն այնքան նոյն եզրերուն վրայ էին, որ նիստերու միջեւ լսեցինք, թէ ինչպէ՛ս դիտողներէն մէկը իր քովինին նոր գաղափար մը յայտնելէն ակնթարթ մը ետք լսած է, որ սրահին միւս բաժինը եղող ու այլ մասնաճիւղէ ժողովական մը նոյն գաղափարը արտայայտած էր:
Ժողովականները եկած էին Սան Տիյէկոյէն մինչեւ Սոլթ Լէյք Սիթիէն (Եութայ): Անոնք կը ներկայացնէին 20 մասնաճիւղեր (45 պատգամաւորներ): Եութայի «Համասփիւռ» մասնաճիւղի պատգամաւոր երիտասարդ Ռաֆֆի Շահինեանը, իր ներկայութեամբ եւ իր կարծիքներու արտայայտումով, իր մօրը յիշատակը կը յաւերժացնէր:
Ժողովի դիւանի հայերէնի եւ անգլերէնի ատենապետերն էին՝ ընկերուհիներ Արուս Մելքոնեան եւ Անժելա Սաւոյեան, իսկ հայերէնի քարտուղարներն էին՝ ընկերուհիներ Մարալ Թուլումեան եւ Մարալ Մաթոսեան, ու անգլերէնինը՝ Գարմէն Լիպարիտեան եւ Ռիթա Հինդլեան: Վերջինը նաեւ նշանակուեցաւ ժողովի թղթակից:
Շրջանս բարի սովորութիւնը ունի Իրաւասութիւններու ճշդող յանձնախումբի աշխատանքի ժամանակը (երբ ժողովի օրինաւորութիւնը դեռ ճշդուած չէ) օգտագործելու լսելով մասնակից ժողովականներէն իրենց մասնաճիւղերու աշխատանքներուն մասին: Այս ձեւով ժողովականները թէ՛ իրարու եւ թէ՛ տարբեր մասնաճիւղերու կը ծանօթանան: Ժողովականները լսեցին մասնաճիւղերու յատուկ իրագործումներն ու յատկանշական ամեակները, օրինակի համար մինչ ՀՕՄը պիտի տօնէ իր հարիւրամեակը, Ֆրեզնոյի «Մայր» մասնաճիւղը պիտի տօնէ իր 95ամեակը:
Ժողովը ապա ընտրեց իր հիւրերը: Ժողովին ի պաշտօնէ կը մասնակցէր ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը: Շրջանային վարչութեան հիւրերն էին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովան Թաշճեան եւ ընկերուհիներ Յասմիկ Տէրտէրեան ու Մաքօ Մկրտիչեան: Իսկ Մարի Արապեան, Անի Քէշիշեան եւ Սալբի Հացպանեան մասնակցեցան իբերեւ Պատգամաւորական ժողովի հիւրեր:
Ժողովի օրէնսգէտ նշանակուեցաւ Նայիրի Տէրտէրեանը: Բանաձեւերու դժուարին աշխատանքը վստահուեցաւ ընկերուհիներ Սոնա Մատարեանին, Արշօ Աղճայեանին եւ Յասմիկ Գոզանեանին:
Շրջանային վարչութեան բարոյական տեղեկագիրը կարդաց Մարօ Քէշիշեանը, հոգեբանական կեդրոնի տեղեկագիրը ներկայացուց տոքթ. Իտա Քարայեանը, նիւթական տեղեկագիրը ներկայացուց Ժասիկ æառահեանը, Ընկերային ծառայութեան տեղեկագիրը ներկայացուց Սոնա Ցնծալեանը, իսկ նիւթականի էջը՝ Լուիզ Գիւրջեանը: Հարիւրամեակի առիթով սկսուած ռազմավարական ծրագրումի սկզբնական քայլերուն մասին ներկայացուց Արմէն Աբրահամեանը: Ժողովը յոյժ գնահատանք արձանագրեց շրջանաւարտ վարչութեան ընդհանուր գործունէութեան նկատմամբ:
Վիքի Մարաշլեան ներկայացուց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան տեղեկագիրը եւ իր վարչութեան կողմէ շրջանը օգնելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:
Ժողովականները ոչ միայն իրենց ներկայութեամբ եւ նուիրատուութիւններով սատարեցին Շրջանային վարչութեան, այլ ցոյց տուին Արցախի հանդէպ իրենց սէրը, անձնապէս կամ մասնաճիւղերու անունով ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան Ստեփանակերտի մէջ կայանալիք ճամբարի ծրագրին համար տեղւոյն վրայ 100ական տոլարով ազատամարտիկներու զաւակները հովանաւորեցին, որպէսզի անոնք ծրագիրէն անմասն չմնան:
Ժողովը որոնեց ներքին-կազմակերպական հզօրացումի միջոցներ, նիւթական ապահովելու եւ տեղական ու հայրենիքի ծառայութիւններ մատուցելու նոր միջոցներ, ինչպէս նաեւ քարոզչութիւն կատարելու յաւելեալ միջոցներ, յատկապէս 100ամեակի առիթով, ապա, վաւերացուց նախահաշիւ մը եւ ընտրեց Շրջանային վարչութեան կազմի լրացուցիչ անդամներ:
Սօսի Փոլատեան յուշատախտակներ յանձնեց հետեւեալ ընկերուհիներուն, որոնք իրենց երկու տարուան շրջանը աւարտած էին՝ Ռիմա Պօղոսեան, Սիրարփի Չաքալեան, Սեդա Մարթիր, Մայտա Պէզճեան եւ Սրբուհի Մսըրլեան: Կազմին մէջ մէկ տարի եւս ունէին ընկերուհիներ Սօսի Փօլատեան, Մաքօ Սեդրակեան, Անի Կիրակոսեան եւ Աստղիկ Շիթիլեան:
Նոր վարչականներ ընտրուեցան հարաւային Քալիֆորնիայէն ընկերուհիներ Արուս Մելքոնեան, Ռիթա Հինդլեան եւ Սոնա Մատարեան, Ֆրեզնոյի շրջանէն՝ Վիքի Գաթարոյեան, իսկ Սան Ֆրանսիսքօ-Օքլէնտի շրջանէն՝ Յասմիկ Գոզանեան:
Նախքան ժողովին աւարտը, նախկին Շրջանային վարչութեան անդամները, ժողովի դիւանը, հիւրերը եւ կարգ մը ժողովականներ իրենց շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքերը փոխանցեցին: Ընկհ. Ռիմա Պօղոսեան մէկական վարդերով շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին:
ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչ Յովան Թաշճեան քաջալերական խօսքեր ուղղելով եւ նեցուկ կանգնելու խոստումներով՝ դիտել տուաւ, որ թէեւ ՀՕՄը իր հարիւրամեակը պիտի տօնէ 2010ին, բայց անոր ակունքները կու գան աւելի առաջ՝ Վասպուրականի հրաշագործ մայրիկներէն:
Մեր ժողովուրդը ՀՕՄէն դեռ շատ հրաշքներու կը սպասէ:
Ժողովի աւարտէն ետք, տեղի ունեցաւ ՀՕՄի KIA ինքնաշարժի վիճակահանութիւնը: Ժասիկ æառահեան հրաւիրեց Նուարդ Տէր Յովհաննէսեանը, որպէսզի քաշէ շահող թիւը: Շահող թիւն էր՝ 0453, Ալին Եփրեմեանի անունով: Շնորհաւոր ըլլայ: