(ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՊԱՀՈՑ)
Յառաջիկայ Կիրակի, 19 Յուլիս, 2009ին, Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, հինգ Տաղաւար տօներէն՝ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնն է, որ կը կոչուի նաեւ Վարդավառ։ Աւետարաններուն մէջ կը յիշուի, թէ ինչպէ՛ս Յիսուս իր հետ առնելով Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը՝ լեռ ելաւ աղօթելու։ Եւ մինչ կ՛աղօթէր, անոր դէմքը այլակերպեցաւ եւ հագուստը փայլուն սպիտակ գոյն առաւ։ Մովսէսն ու Եղիան երեւցան։ Երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ՛ըսէր. «Այս է իմ ընտրեալ Որդիս, անոր մտիկ ըրէք»:
Մեր եկեղեցւոյ հայրերը Պայծառակերպութեան տօնին կապած են հեթանոսական Վարդավառ տօնը, որ նուիրուած է սիրոյ եւ գեղեցկութեան դիցուհիին՝ Աստղիկ չաստուածուհիին։ Այս առիթով, վարդեպսակներ կ՛այրէին անոր արձանին առջեւ ծնունդ տալով Վարդավառ անունին՝ վարդերու վառիլը։ Այդ օր նաեւ ժողովուրդը իրարու վրայ վարդի ջուր կը սրսկէին։ Այս գեղեցիկ աւանդութիւնը տակաւին կը շարունակուի հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Կիրակի, 12 Յուլիս, 2009, Այլակերպութեան (Վարդավառ) տօնէն մէկ շաբաթ առաջ, Բարեկենդան Վարդավառի Պահոց տօնին առթիւ, Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, պատարագեց եւ քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ծառայութեան կոչուած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Տ. Վաղինակ վրդ. Մելոյեան:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան ծանօթացուց հայր սուրբը հաւատացեալ ժողովուրդին։ Հայր սուրբը նախքան իր հոգեւոր պատգամը փոխանցելը, շնորհակալութիւն յայտնեց թեմիս բարեջան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ զինք հոգեւոր ծառայութեան կանչած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս։ Շնորհակալութիւն յայտնեց տէր հօր քաղցրահունչ ներկայացման եւ վկայութեան համար։
Հայր սուրբի հոգեւոր պատգամին առանցքն էր օրուան Ճաշու Աւետարանի հինգ հազարի կերակրումի դրուագը։ Ան մեկնաբանելով դրուագը ըսաւ.
«Աւետարանիչը մեզի կ՛ըսէ, թէ երբ աշակերտները վերադարձան իրենց առաքելութենէն եւ սկսան Տիրոջ պատմել իրենց կատարած գործին մասին, Յիսուս անոնց ըսաւ. «Եկէք երթանք ամայի տեղ մը, ուր առանձին կրնանք ըլլալ եւ հոն քիչ մը կը հանգչինք» (Մր 6.31)։ Յիսուս իր այս վերաբերմունքով սորվեցուց մեզի, թէ երբ օրուան ընթացքին կատարենք մեզի յանձնուած գործերը, պէտք է օրուան աւարտին Աստուծոյ հետ առանձնութեան եւ աղօթքի պահեր ունենանք։Առանձնութեան պահերն են, որոնք մեզ կ՛աճեցնեն, կը զօրացնեն եւ Աստուծոյ կը մտերմացնեն։
«Ամայի տեղ ենք եւ ժամանակն ալ ուշ է» (Մտ 14.15)։ Աշակերտներուն կը թուէր, որ ժամանակը ուշ է եւ ժողովուրդը պէտք է արձակուէր։ Քրիստոսի համար սակայն «ուշ ժամանակ» չկա՛յ, եւ ճիշդ անոր համար ալ գործի մղեց աշակերտները։ Երբ մեզի կը թուի, որ արդէն ուշ է՝ ճիշդ այդ պահուն է, որ Տէրը կը միջամտէ։ Որքան ալ մեղքի կեանք ապրած ըլլանք, պէտք չէ ըսենք «արդէն ուշ է»։ Աստուած կարող է երկվայրկեանի մը ընթացքին քաւել մեր մեղքերը ու սրբել մեր անցեալը։
Աշակերտները առաջարկեցին Յիսուսի, որ ազատ արձակէ՛ ժողովուրդը, որպէսզի երթան գիւղերն ու քաղաքները եւ իրենց համար ուտելիք ճարեն, եւ սակայն Յիսուս մերժեց ազատ արձակել զանոնք։ Ինչո՞ւ։ Մերժեց, որպէսզի սորվեցնէ մեզի չլքել մեր նմանները, երբ անոնք անօթի են, երբ անոնք նեղ կացութեան մէջ են։ Մերժեց՝ սորվեցնելու համար մեզի, որ անոնք, որոնք կը դիմեն Իրեն, ձեռնունայն պիտի չվերադառնան։
Յիսուս ո՛չ միայն մերժեց ազատ արձակել ժողովուրդը, այլեւ պատուէր տուաւ իր աշակերտներուն՝ ըսելով. «Դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիքը» (Մտ 14.16)։ Քրիստոս իր այս բառերով, նախ ուզեց իր աշակերտներուն մէջ անօթիները կերակրելու փափաք արթնցնել։ Երկրորդ, Քրիստոսի այս բառերը կոչ մըն են իր աշակերտներուն եւ անոնց ընդմէջէն մեզի՝ անձնապէս բան մը ընելու կարիքաւոր ու տառապող մարդոց համար։ «Դո՛ւք տուէք» ըսելով, Տէրը ուզեց տա՛լ սորվեցնել մեզի։
Հինգ հացերու եւ երկու ձուկերու բազմացումով Յիսուս կշտացուց անօթիները, եւ ատով սորվեցուց մեզի, թէ ի՛նքն է Կեանքի Հացը, զոր կը լիացնէ մեր սիրտն ու հոգին։ Քրիստոս իր քովէն մեզի բան մը տալով չէ որ մեզ կ՛ուրախացնէ կամ կը կշտացնէ, այլ՝ Ինքզի՛նք մեզի տալով։ Իրողութիւնը նոյնը պիտի ըլլայ արքայութեան մէջ։ Արքայութեան մէջ Արքան ի՛նք պիտի ըլլայ մեր ուրախութեան առարկան, ի՛նք պիտի ըլլայ մեզ առինքնողն ու կշտացնողը:
Վերջապէս, յիշենք որ հինգ հազար հոգիներու կերակրումը ամայի ու անապատային վայրի մը մէջ է որ տեղի ունեցաւ. եւ ասիկա ինքնին ցոյց կու տայ, թէ Յիսուս ի՛նքն է որ կեանքէ պարպուած անապատը՝ կեանքո՛վ կը լեցնէ։ Այո՛, Ան կարող է ամայացած հոգիները դրախտի վերածել։ Կարող է անապատացած սիրտերուն մէջ արքայութեան վարդերը ծաղկեցնել։
Եթէ ոեւէ անհատ կ՛անդրադառնայ, թէ իր սրտին մէջ ամայութիւն կը տիրէ, թող իր սիրտը յանձնէ Տէր Յիսուսի, եւ Տէրը զայն պիտի վերածէ Տաճարի, ուր Նոր Երգերու փառաբանութիւններ պիտի լսուին»։