2010Ի ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՒԱՔ՝ ՅՈՒԼԻՍ 16ԻՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագրին հանրային եւ կառավարական հարցերու մարզին մասնակիցներէն մէկը հանդիսացող Սրբուհի Կարապետեանը, արդէն իսկ իր յատկանշական ներդրումը կը բերէ համայնքային աշխատանքներուն:
Սրբուհի Կարապետեան ներկայիս կ՛աշխատի յատկապէս երկու ծրագիրներու վրայ: Նախ ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ 2010ի Միացեալ Նահանգներու մարդահամարին մասին Հոլիվուտի հայութեան տեղեկութիւններ հասցելու եւ անոր կարեւորութիւնը մատնանշելու նպատակով Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքներուն, որոնցմէ մէկն է վաղը՝ Հինգշաբթի, Յուլիս 16ին կայանալիք հաւաքը, «Կարապետեան» սրահին մէջ (1614 North Alexandria Ave.), ուր ան հանրութեան տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ մարդահամարին մասին:
Կարապետեան նաեւ կ՛ուսումնասիրէ 2010 մարդահամարի ծալքերն ու æաւախքի քաղաքական ու ընկերատնտեսական կացութիւնը, անոնց մասին յօդուածներ պատրաստելու նպատակով:
Վարժողական ծրագիրին մասնակցելով՝ Սրբուհի Կարապետեան դարձեալ ցոյց կու տայ, թէ կարելի է արժէքաւոր փորձառութիւն ապահովել քաղաքական ու համայնքային գործունէութեան մարզերէն ներս, միաժամանակ նպաստելով Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Երկորդականի տարիներուն, Սրբուհի Կարապետեան աշակերտ եղած է «Փիլիպոս»ի Շաբաթօրեայ վարժարանին, որուն շնորհիւ ան ծանօթացած է հայկական մշակոյթին, անոր գրականութեան, թատերական գործերուն եւ երաժշտութեան: Ներկայիս ան երկրորդ տարուան ուսանող է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, ուր ան կ՛անդամակցի Հայ ուսանողական միութեան ու միշտ ներկայ է անոր ձեռնարկներուն:
Ան կը մասնագիտանայ քաղաքական գիտութեան ու անգլերէնի ճիւղերուն մէջ եւ թղթակից մըն է համալսարանի թերթին՝ «Տէյլի Պրուըն»ին: Ան կը ծրագրէ գործօն անդամ մը մնալ Հոլիվուտի համայնքին ու Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ: