ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամիսներու ծրագրումի, նախապատրաստութեան ու դրամահաւաքի ծրագիրներէն ետք, ՀԵԴի Երիտասարդական ջոկատներու ծրագրին մասնակիցները անցեալ Հինգշաբթի, Յուլիս 9ին հասած են Հայաստան, ուր անոնք պիտի կազմակերպեն ու իրագործեն պատանիներու եւ երիտասարդներու յատուկ ճամբար մը, Հայաստանի երկրորդ քաղաքին՝ Գիւմրիի մէջ:
Անցեալ տարի, սոյն ծրագրին շնորհիւ հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ առիթը ունեցած էին մասնակցելու ճամբարին՝ ամուր կապեր ստեղծելով իրարու եւ միաժամանակ հազարաւոր մղոններ կտրած իրենց ազգակից երիտասարդներուն միջեւ:
Այս տարուան ՀԵԴի Երիտասարդական ջոկատներու ծրագրին մասնակիցներն են՝ Սերոբ Չալեան, Լեւոն Աբրահամեան, Պերճ Բարսեղեան, Գէորգ Պապայեան, Գէորգ Քեպապճեան, Սանան Հարուն, Արիանա տը Լեոն, Նորա Ինճէյեան եւ Ալեքս Տէր Ալեքսանեան:
Մէկ ամսուան ծրագրին մասնակիցները որոշած են իրենց փորձառութեան մասին համացանցային օրագրութիւն պահել (blog), որուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել մեր համացանցային կայքը՝ www.Asbarez.com հասցէով: