ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2009 թուականը պատմական օր մը եղաւ լոս անճելըսաբնակ հայութեան համար, երբ Հոլիվուտի 101 ազատուղիին վրայ, Փոքրիկ Հայաստանի (Little Armenia) ելքը ծանուցող ցուցատախտակը պաշտօնապէս քօղազերծուեցաւ՝ ներկայութեամբ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Քէվըն տէ Լէոնին:
101 ազատուղիին Սանսէթ պողոտայի ելքին մօտերը տեղի ունեցած հաւաքը սկսաւ կէսօրէ ետք ժամը 5ին՝ զոյգ առաջնորդներու ներկայացուցիչներու գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած հաւաքական աղօթքով, որմէ ետք, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան կարդաց անգլերէնով աղօթք մը:
Ներկայ էին նաեւ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի, Ամերիկահայ առեւտրականներու գրասենեակի Փոքրիկ Հայաստանի մասնաճիւղի եւ ՀԵԴի ներկայացուցիչները, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի փոխհիւպատոս Մեսրոպ Շապոյեան եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախագահ Քէրըն Պէսի ներկայացուցիչ Սանտէյ Սարգիսեան-Յակոբեանը:
Քէվըն տէ Լէոն ողջունեց հայութեան եւ հայկական մշակոյթին ունեցած ազդեցութիւնը շրջանին վրայ, միաժամանակ յիշեցնելով, որ տարբեր ազգերու միջեւ հաստատուած գործացկութիւնը քաղաքին գլխաւոր ուժերէն մէկն է: Ան ըսաւ, որ Փոքրիկ Հայաստանը ծանուցող նշանին շնորհիւ, այսուհետեւ 101 ազատուղիին վրայ ինքնաշարժ քշողները առիթը պիտի ունենան գտնելու «մեր քաղաքին պահուած գանձերէն մէկը»:
Տը Լէոն իր խօսքին մէջ նաեւ գնահատեց Փոքրիկ Հայաստան շրջանը հաստատելու եւ այս ցուցատախտակները իրականացնելու գործին մէջ, իր ներկայացուցիչ Պայծառ Թոմասեանին տարած աշխատանքը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին, Ամերիկահայ առեւտրականներու գրասենեակի Փոքրիկ Հայաստանի մասնաճիւղին եւ «Glendale Kia»ի սեփականատէր Օննիկ Մեհրապեանին:
Ապա, Թոմասեան խօսք առնելով՝ ներկաներուն մանրամասնութիւններ փոխանցեց տարուած աշխատանքին մասին եւ հետաքրքրութեամբ նշեց, թէ իր ուսումնասիրութեանց ընթացքին բացայայտած էր, որ 101 ազատուղիի կառուցման ընթացքին Քալիֆորնիոյ ազատուղիներու կառուցման մարմինին վարիչը հայորդի մըն էր՝ Հայկ Այանեան անունով, բան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս ներկայիս, անցեալին եւս հայութիւնը իր բաժինը բերած էր շրջանի բարգաւաճման մէջ:
Արարողութենէն ետք, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Ամերիկահայ առեւտրականներու գրասենեակի Փոքրիկ Հայաստանի մասնաճիւղի ատենապետ Սէմ Քապուշեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քէվըն տէ Լէոնին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի հայութեան:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին անունով շնորհակալական ու գնահատանքի խօսքեր արտասանեց նաեւ Գարեգին Խանճեանը:
Աւարտին, Քապուշեան վկայագիրներ յանձնեց «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին, «Ասպարէզ» օրաթերթին, «Հոմ» ճաշարանին, որուն սեփականատէրերը՝ Արամ եւ Վարդուհի Սերոբեանները, նուիրած էին հիւրասիրութեան ճաշերը: Յատուկ յուշատախտակ մը նուիրուեցաւ նաեւ Քէվըն տէ Լէոնին, առ ի գնահատանք
այս նպատակով անոր տարած աշխատանքին: