Թեհրանէն դէպի Երեւան թռիչքի արկածին տխուր առիթով, Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ ու յանուն թեմի ժողովականութեան ու անձնապէս ցաւակցութիւն յայտնեց վեհափառին ու Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան։ Առաջնորդը նաեւ գիր մը յղեց Թեհրանի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, ցաւակցութիւն ու վշտակցութիւն յայտնելով թեմի ժողովականութեան ու զոհերու ընտանեկան պարագաներուն։
Առաջնորդին տնօրինումով, յառաջիկայ Կիրակի, 19 Յուլիսին, Արեւմտեան թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմիա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի առ Աստուած, որպէսզի յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ զոհերու հոգիներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.