ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան քննադատած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով կազմուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը, որ վերջերս հայկական կողմին ճնշումներ կը բանեցնէ՝ միակողմանի զիջումներ ապահովելու նպատակով:
Խաչիկեան իր այս քննադատութիւնը եւ յուսախաբութիւնը փոխանցած է Մինսկի խումբի համանախագահներէն մէկուն երկիրը հանդիսացող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային յղուած նամակով մը, ուր ան Մինսկի խումբին կողմէ «Մատրիտեան սկզբունքներ» պիտակին տակ առաջադրուած զիջումները կը նկատէ վտանգաւոր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներուն համար, որովհետեւ անոնց հետեւանքով պիտի աւելնայ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական քայլերու դիմելու հաւանականութիւնը:
Խաչիկեան նաեւ կը գրէ, թէ նոր առաջարկները աւելի անհաւանական կը դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին երկարատեւ լուծում մը գտնելու կարելիութիւնը:
Յուլիս 14 թուակիր իր նամակին մէջ, Խաչիկեան նաեւ կը շեշտէ, թէ խաղաղութեան բանակցութեանց Լեռնային Ղարաբաղի ուղղակի մասնակցութիւնը կենսական է, որովհետեւ Արցախը «հակամարտութեան կողմերէն մէկն է, Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան գլխաւոր զոհն է ու շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացին մէջ կարեւոր դերակատար մըն է»: Այս բոլորին հետեւանքով, Արցախի ներկայացուցիչները պէտք է «ամբողջական եւ հաւասար» մասնակցութիւն բերեն բանակցութիւններուն, գրած է Խաչիկեան:
Խաչիկեան նման նամակներ յղած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միւս համանախագահներու երկիրներուն՝ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ դեսպաններուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ այս առնչութեամբ դիմած է նախագահ Օպամայի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Ուաշինկթընի մօտ Ֆրանսայի ու Ռուսիոյ դեսպաններուն ուղղուած նամակարշաւի մը, որուն մասնակցելու համար կարելի է այցելել http://capwiz.com/anca/issues/alert/?alertid=13737266&type=ML համացանցային կայքէջը:
Ù»ñ å³Ûù³ñÇ ½¿ÝùÁ
²´¸º¼¾ÀÂÅÆÈÊÌÎÐÒÔÖØÚÜÞàæäâèêìîðòôöøúü