ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 17էն ի վեր աշխոյժ աշխատանքներ կ՛ընթանան «Բջնի» հանքային ջուրերու գործարանը վերագործարկելու նպատակով: Ըստ «Բջնի հանքային ջրերի գործարան» ՓԲԸ սնանկութեան գործով կառավարիչ Արսէն Չիկչեանի, արդէն իսկ իրականացած են վերանորոգման լայնածաւալ աշխատանքներ, շտկելու համար ստեղծուած վատ վիճակը. ձմրան ընթացքին արտադրամասերու ոչ ջեռուցման պատճառով, ամբողջովին գործածութենէ դադրած էին հոսքագիծերը, օդամղիչները եւ հանքային ջուր մատակարարող մղիչները: Սակայն շուտով ընկերութիւնը պիտի ունենայ իր պատրաստ արտադրութիւնը, ուր արդէն իսկ կը ծաւալի բնականոն գործունէութիւն՝ 46 աշխատողներով:
Յիշեցնենք, որ Կոտայք մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Ապրիլ 6ի վճիռով, «Բջնի հանքային ջրի գործարան»ը սնանկացած յայտարարուած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.