ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 15ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ «Հայկական սփիւռք-կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան կազմակերպած կլոր սեղան-քննարկումը նուիրուած էր անուանումներու, սփիւռքահայերու անուններու, հայրանուններու եւ ազգանուններու հայերէն գրութեան եւ տառադարձութեան խնդիրներուն:
Ըստ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի, նախարարութիւնը բազմաթիւ բողոք-դիմումներ ստացած է սփիւռքահայերէ՝ երկքաղաքացիութիւն ստանալու ատեն իրենց անձնանուններու աղաւաղման վերաբերեալ: Անոր խօսքով, անհրաժեշտ է քննարկել եւ կառավարութեան ներկայացնել առաջարկներու ծրար մը, որուն միջոցով պիտի կարգաւորուին այս խնդիրին առնչութեամբ եղած անհամաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ պէտք է ձեւաւորուի յստակ մօտեցում եւ գործէ հաստատուած միասնական կանոնակարգ:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան լեզուի պետական տեսչութեան պետ Լաւրենտի Միրզոյեան խիստ արդիական համարած է հարցադրումը՝ նշելով, որ տարբեր երկիրներու հայ քաղաքացիներու անձնագիրներուն կամ փաստաթուղթերուն մէջ կը հանդիպին անուններ, որոնք չեն համապատասխաներ հայոց լեզուի կանոններուն եւ հնչիւնաբանութեան: Ան առաջարկեց սփիւռքահայերուն տրուող փաստաթուղթերուն մէջ օգտագործել գրական արեւելահայերէնի կանոններուն համապատասխան տարբերակը:
ՀՀ ոստիկանութեան պետի տեղակալ Յովհաննէս Հունանեան, ներկայացնելով ոստիկանութեան տեսակէտը՝ նշած է, որ կարելի չէ առիթ տալ կամայականութեան եւ անուանումները գրել դիմողի ցանկութեամբ՝ հեռանալով հայոց լեզուի կանոններէն, իսկ սփիւռքի նախարարը աւելցուցած է, թէ անուանումներու եւ անձնանուններու խեղաթիւրումները միաժամանակ կը հանդիսանան ազգային անվտանգութեան խնդիր:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ներման, քաղաքացիութեան, պարգեւներու եւ կոչումներու վարչութեան պետ Ճեմմա Յակոբեան առաջարկած է խնդիրի լուծման իր տարբերակը. Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերը եւ ոչ միայն սփիւռքահայեր, որեւէ գործառոյթի սկսելու համար անպայման պէտք է ունենան Հայաստանի կացութեան կարգավիճակ կամ անձնագիր, այսինքն՝ հայերէն տառադարձութիւնը պէտք է անոր՝ Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու եւ անոր անձը ներկայացնելու համար: Այդ նկատառումներէն մեկնած, Ճ. Յակոբեան նշած է, որ անհրաժեշտ է հիմք ընդունիլ սփիւռքահայի անուանման, ազգանուան գրական արեւելահայերէնի տարբերակը, որ իրաւական լուծում պիտի ստանայ կառավարութեան համապատասխան որոշումով:
«Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան նոյնպէս կարեւոր համարած է միասնական մօտեցումը։
Քննարկման ներկայ եղած են Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան եւ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներ, լեզուաբաններ, գրականագէտներ ու իրաւաբաններ: