ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Յուլիս 15ին ընդունած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան՝ Երեւանի մէջ իրականացուցած ուսանողական 15րդ համաժողովին մասնակից 35 սփիւռքահայ ուսանող երիտասարդներուն, որոնք հայրենիք մեկնած են Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներէն։ Ողջունելէ ետք երիտասարդները, նախարարը ներկայացուցած է այն մեկնակէտերը, որոնք պատմական անհրաժեշտութիւն դարձուցած էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը:
Տիկին Յակոբեան իր խօսքին մէջ մատնանշած է յատկապէս Սփիւռքի երիտասարդութեան գործուն ներգրաւուածութիւնը հայապահպան այն բոլոր ծրագիրներուն մէջ, զորս կ՛իրականացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը՝ սփիւռքեան կառոյցներուն մասնակցութեամբ:
Նախարարը յիշեցուցած է հայրենիքէն դուրս հայ մնալու, հայ ընտանիք կազմելու, հայոց լեզուն գործածելու եւ հայկական ընտանեկան աւանդոյթները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: «Իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ, որտեղ էլ որ բնակուի, պիտի հպարտանայ իր հայ արմատներով եւ միշտ յիշի, որ ունի իրենով եւ իր համազգային խնդիրներով մտահոգ Մայր Հայրենիք՝ Հայաստան», ըսած է նախարարը:
Սփիւռքահայ երիտասարդները, իրենց կարգին, հանդէս եկած են իրենց համայնքները յուզող որոշ խնդիրներու լուծման ուղղուած սեփական տեսակէտներով եւ առաջարկներով, որոնք կը վերաբերին հայապահպանութեան, հայ ինքնութեան պահպանման, Սփիւռքի հայկական դպրոցներու վիճակի բարելաւման եւ Հայաստանի վերաբերող խնդիրներու լուծման պատշաճ աջակցութիւն ցուցաբերելու գործին:
Հանդիպման աւարտին սփիւռքահայ ուսանող երիտասարդները սփիւռքի նախարարին յանձնեցին փոքրիկ յուշանուէր մը: