ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կիրակի, 12 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլէնտէյլի «Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու կազմակերպութեան (ABMDR), տեղի ունեցաւ տարեկան 9րդ ճաշկերոյթ-դրամահաւաք մը, ի նպաստ միութեան ծրագիրներու իրագործման աշխատանքներուն:
Ձեռնարկին, կազմակերպութեան նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի կողքին, ներկայ էին Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիոյ Վիարայկոսա, Արեւմտեան թեմի առաջնորդի ներկայացուցիչ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, ՀՀ Լոս Անճելըսի փոխհիւպատոս Մեսրոպ Շապոյեան, Կլէնտէյլի քաղաքապետ Ֆրէնք Քուէնթերօ եւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեան ու Լաուրա Ֆրիտմըն, Պըրպէնքի քաղաքապետն ու Կլէնտէյլի «Memorial» եւ «Adventist» հիւանդանոցներու, ինչպէս նաեւ Հայկական բժշկական միութեան ներկայացուցիչներն ու շուրջ 500 բժիշկներ, հայ եւ օտար հաստատութիւններ, բարեկամներ եւ միութեան բարերարներ եւ հիւրեր:
Բացման ողջոյնի իրենց խօսքերուն մէջ հանդիսավարներ Լարա Երէցեան եւ Սէմ Թրիփոլի, նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն եւ ապա հրաւիրեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետը, որ իր սրտի խօսքը ըսէ: Քաղաքապետը յայտնեց, թէ Հարաւային Ափրիկէ կատարած իր այցելութիւնը քանի մը օրով կրճատած էր՝ ներկայ գտնուելու համար այս շքեղ ձեռնարկին: Ան Կլէնտէյլի, Հոլիվուտի եւ կամ Նորթ Հոլիվուտի շրջաններէն ներս հայ քաղաքացիներու տարած աշխատանքները մեծապէս դրուատեց եւ գնահատեց անոնց ծառայութիւնները:
Իր կարգին, բարի գալուստի յատուկ խօսքերով ելոյթ ունեցաւ օրուան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Նազ Աթիկեանը, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անսակարկ նուիրումով օգտակար հանդիսացած էին կազմակերպութեան աշխատանքներուն եւ ապա յանձնախումբի անդամները մէկ առ մէկ ներկայացուց սրահի հիւրերուն՝ արժանանալով անոնց ծափողջոյններուն:
Նախքան ընթրիքը, հայր Տաճատ կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, իսկ անոր ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը կազմակերպութեան զանազան աշխատանքներուն մասին, Քալիֆորնիոյ զանազան քաղաքներու, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն ներս: Ընթրիքէն ետք շարունակուեցաւ յայտագրի պաշտօնական բաժինը: Առաջին հերթին, իբրեւ արեան քաղցկեղէն տառապող եւ ապա շնորհիւ սոյն կազմակերպութեան օգնութեան բուժուած երկու հիւանդներ՝ Ալիք Թօփալեան եւ Ռիչըրտ Պոյաճեան, իրենց կեանքի հարազատ վկայութիւններով ելոյթ ունեցան:
Երկուքն ալ կոչ ըրին ներկաներուն, որ նման մարդասիրական եւ ազգասիրական կազմակերպութեան մը իրենց նիւթական օժանդակութեամբ դառնան մէկական «փրկարար հրեշտակներ» մեր ազգին եւ համայն մարդկութեան միատեղ:
Ապա ցուցադրուեցաւ նոյն հիւանդութեամբ տառապող հայորդիներու կեանքէն վերցուած տեսաերիզ մը, որ կը բովանդակէր հայրենի հողին վրայ ABMDR-ի նոր հիմնուած կեդրոնէն ներս տարուած աշխատանքները, յարմարագոյն ողնածուծերու փնտռտուքներու եւ արձանագրութիւններու վկայութիւններով ճոխացած:
Նեկտար Գալայճեան եւ Գարլօ Մանճիկեան, «Հրեշտակ մը եղիր եւ կեանք մը փրկէ» լօզունքով կոչ ըրին ներկաներուն սրտբացօրէն նիւթապէս նեցուկ կանգնելու մարդկային այս մեծ կազմակերպութեան վերելքին եւ բարգաւաճման:
Երկու խօսք առնողներն ալ նախ բացատրեցին «լուքիմիան»՝ արեան քաղցկեղը, ու պարզեցին նուիրատու դառնալու էականութիւնը, փրկելու համար հայ կամ օտար անհատի մը կեանքը:
Իր կարգին, իբրեւ ABMDR-ի վարչութեան ատենապետ, իրաւաբան Մարք Կիրակոս կոչ ըրաւ զօրակցութեան եւ նուիրումի: Իսկ նախագահ Ճորտըն իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ABMDR-ի հիմնադրութենէն ի վեր անցնող 9 տարիներուն, անսակարկ, նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կանգնած էին: Տոքթ. Ճորտըն մանրամասնեց նաեւ հայրենիքէն ներս սոյն կազմակերպութեան նոր կառուցուած կեդրոնի աշխատանքներն ու ցարդ կատարած գործունէութիւնը, միաժամանակ երախտագիտութեամբ անդրադառնալով հայրենի առողջապահական եւ Սփիւռքի նախարարութեան ներդրումներուն, կազմակերպութեան պատուոյ նախագահ Պէլլա Քոչունեանի եւ աւելցնելով, թէ տակաւին «մեր բոլոր երազները չեն իրականացած, սակայն շնորհիւ ձեր բոլորի քաջալերանքին եւ օժանդակութեան, յոյսով ենք, որ այս երեկոյ պիտի կարենանք այս տարուան յատուկ իբրեւ նպատակակէտ, մեր նախատեսած հարիւր հազար տոլարի գումարը հանգանակել»:
Ապա պաշտօնապէս բեմ հրաւիրեց եւ գնահատագիրներ յանձնեց օրուան 4 մեծարեալներուն՝ Ռալֆ Երիքեանին՝ իբրեւ «Տարուան մարդ», իսկ Սթիւ Արթինեանին, Սուզաննա Աւագեանին եւ Թալին Խաչատուրեանին՝ իբրեւ «Տարուան կամաւորներ»: «Business of the Year»ի գնահատանքին արժանացաւ հանրայայտ «Comedy Store»էն կատակերգակ Միցցի Շորը:
Տոքթ. Ճորտըն հայութեան մասին Սարոյեանի յայտնի խօսքերով ամբողջացուց իր շնորհակալականը:
Աւարտին ցուցադրուեցաւ Պէլլա Քոչունեանի երախտագիտական խօսքերը բովանդակող, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուող Ռալֆ Երիքեանի խօսքերը:
Ձեռնարկի գեղարուսետական բաժինին, «Element» նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ: Տեղի ունեցաւ նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, զորս հաւաքեցին հրեշտակի տարազով փոքրիկ աղջիկներ՝ սեղան առ սեղան հանդիպելով: Տեղի ունեցաւ նաեւ լուռ վաճառք: