Մեծայարգ Դեսպան Մարգարեան,
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան Շրջաններու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպութիւնները այսու Ձեր ուշադրութեան կը յանձնեն ամերիկահայութեան խոր մտահոգութիւնը Մինսքի Խմբակի համանախագահներու առաջադրած Մատրիտեան սկզբունքներու առնչութեամբ, որոնք հիմք պիտի հանդիսանան Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին: Այս սկզբունքները չունին արդարութեան մեկնակէտ, չեն համապատասխաներ առկայ հակամարտութեան էական բնոյթին, չեն հիմնուիր հարցի պատմական ու իրաւական փաստերուն վրայ, եւ դիտաւորեալ կերպով չեն ներառեր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լիիրաւ մասնակցութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ սոյն սկզբունքներու որդեգրումն ու կիրարկումը անթոյլատրելի հարուած պիտի ըլլայ մեր հայրենական ու ազգային ընդհանրական շահերուն: Միաժամանակ, Անկախ Ղարաբաղը թէ՛ թիկունքն է եւ թէ վահանը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան: Ղարաբաղի քաղաքական եւ իրաւական անկախ կարգավիճակի որեւէ հիմնական խախտում կը վնասէ Հայաստանի Հանրապետութեան աշխարհաքաղաքական արժէքին, կը թուլացնէ մեր հայրենիքի ռազմավարական կարողականութիւնը եւ հիմնովին խնդրական կը դարձնէ հայրենի ժողովուրդին անվտանգութիւնը:
Մեր կազմակերպութիւնը եւ ամերիկահայութիւնը քաջալեր կը հանդիսանան եւ կը զօրակցին ներկայ հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր ջանքերուն, որոնք կ՛ընթանան բարի տրամադրութեամբ, անկողմնակալութեամբ եւ արդարութեամբ: Դժբախտաբար, Մատրիտեան սկզբունքները ըստ էութեան եւ ըստ ձեւի զուրկ են նշեալ յատկութիւններէն: Այդ սկզբունքները չեն կրնար յանգիլ արդար լուծման եւ մշտական խաղաղութեան:
Մենք կը գիտակցինք Հայաստանի պետութեան վրայ բանեցուող այն ծանր ու աննախընթաց ճնշումներուն, որոնք կը փորձեն ներկայ անարդար գործընթացը պարտադրել մեր կառավարութեան վրայ: Սակայն, որքան ալ ճնշիչ ըլլան այս պարտադրանքները, մեր կառավարութիւնը չի կրնար մեղսակից դառնալ արուեստականօրէն բեմադրուած սոյն վնասակար գործընթացին:
Այս անարդար ու ազգավնաս գործընթացի դիմակալման մէջ հայրենի կառավարութիւնը մինակ չէ: Մենք իր հետ ենք: Ամերիկահայութիւնը իր կողքին է: Սփիւռքահայութիւնը իր զօրասիւնն է: Անկախ Ղարաբաղը իր մէջքին է:
Զրահաւորուած այս հզօրականութեամբ, հայրենի պետութեան կը մնայ թօթափել արտաքին ճնշումներու առթած ժամանակաւոր ազդեցութիւնը: Ապա, առկայ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացն ու Մատրիտեան սկզբունքներու որդեգրումը պայմանաւորել հետեւեալ երկու նախապայմաններով.-
Առաջին, ընդունիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ազգային ինքնորոշման սկզբունքի հիմամբ նուաճած անկախ կարգավիճակը:
Երկրորդ, ընդունիլ կարգաւորման գործընթացի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ուղղակի, լիիրաւ եւ գործօն մասնակցութիւնը:
Առ այդ, կը խնդրենք մեր վերոնշեալ մտահոգութիւնները եւ պահանջները ներկայացնել հայրենի կառավարութեան:
Յարգանօք,
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ,
Ներկայացուցիչ՝
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ,
Ներկայացուցիչ՝
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ