ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի ընդդիմութեան ղեկավար Միր Հոսէյն Մուսաւիի ներկայութեամբ, Ուրբաթ, Յուլիս 17ին Թեհրանի համալսարանին մէջ կայացած շաբաթական աղօթքին ընթացքին, նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի մրցակից եւ նախկին նախագահ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանջանի կոչ ըրաւ իշխանութեանց, որ յարգեն ժողովուրդին կամքը, միաժամանակ պնդելով, թէ քայլեր պէտք է առնուին նախագահական ընտրութեանց շուրջ ստեղծուած կասկածները փարատելու համար:
Համալսարանի դուրսի կողմը հաւաքուած էին տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ, որոնց վրայ յարձակեցան պահպանողական կրօնականներու հետեւորդներն ու ոստիկանութիւնը, որ նաեւ արցունքաբեր կազեր գործածեց ու ձերբակալեց քանի մը տասնեակ ցուցարարներ: