ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու ու գիտնականներու ընկերակցութիւնը (ԱՃԳԸ) նախաձեռնած է «CARE 4 SEVAN» ծրագիրին՝ կասեցնելու համար որոշ աղտոտութիւններու հոսքը դէպի Սեանայ լիճ:
Այս առիթով, ընկերակցութիւնը կազմակերպած է ժողովրդային տեղեկատուական հանդիպում մը, ուր պիտի ներկայացուին Սեւանի վերաբերող հարցերուն պատճառները, ներկայ իրավիճակը, աղտոտութիւններու ազդեցութիւնը բնակչութեան ու միջավայրին վրայ եւ այդ աղտոտութիւններու հոսքը կասեցնելու համար տարուող աշխատանքները: Այս հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Կլէնտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, Կիրակի, Օգոստոս 2ին, երեկոյեան ժամը 5:30ին:
ԱՃԳԸի շինարարական, ճարտարագիտական եւ բնապահպանութեան յանձնախումբերը կը պատրաստեն Սեւանի շրջակայ փոքր գիւղերուն համար աղտոտ ջուրերու եւ կոյուղիներու մաքրագործման համակարգեր, որոնք արգելք պիտի հանդիսանան աղտոտութեանց դէպի ստորերկրեայ ջուրերու փոխանցման:
Զտման համակարգերը պիտի պատրաստուին ըստ ամերիկեան եւ միջազգային չափանիշներու՝ միաժամանակ համապատասխանելով տեղական պայմաններու եւ օրէնքներու:
«Այս նախագիծը շատ կարեւոր ու ժամանակակից է», կ՛ըսէ Լեւոն Թորոս, որ ԱՃԳԸի նախկին նախագահն է ու այժմ կը զբաղի Հայաստանի մէջ բարեսիրական աշխատանքներով: «Ներկայիս կան տարբեր շինարարական նախագիծեր Սեւանի շրջակայքում, որոնցից մէկն է Լավանդա քաղաքը, որտեղ կառուցուելու են 50 վիլաներ Սեւանի արեւմտեան ափերի ծառապատ տարածքներում: Այս նախագծերում չի նախատեսուած արդիական կեղտաջրերի ու կոյուղու մաքրման համակարգեր, ուստի նրանք հոսելու են դէպի Սեւան ու պատճառ դառնալու լճի յաւելեալ աղտոտութեանը»:
Ամերիկահայ ճարտարագէտներու ու գիտնականներու ընկերակցութիւնը հանրութիւնը կը հրաւիրէ ներկայ ըլլալու այս հաւաքին, ծանօթանալու համար Սեւանի հարցերուն եւ իրենց մասնակցութիւնն ու հովանաւորութիւնը բերելու այս նախագիծին: Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել contact@aesa.org հասցէին կամ այցելել հետեւեալ համացանցային կայքերը՝ www.aesa.org կամ www.care4sevan.wordpress.com: