Լոս Անճելըսի «Տէյլի նիուզ» թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Յուլիս 17ին, Լոս Անճելըս գաւառի գերագոյն ատեանը 16 ամիսէն չորս տարուան բանտարկութեան դատապարտած է վեց հայեր, որոնք տարի մը առաջ ամբաստանուած էին առողջապահական ապահովագրութեան մարզէն ներս երկու միլիոն տոլարի հասնող զեղծարարութիւն կատարելու յանցանքով:
Ատեանը նաեւ վճռեց, թէ անոնք պէտք է երկու միլիոն տոլար վճարեն «Մէտիքէր»ին, որ Մարտ 2005էն Սեպտեմբեր 2006ի միջեւ երկարած ժամակաշրջանին տեղի ունեցած զեղծարարութեանց գլխաւոր թիրախը եղած էր:
Ամբաստանեալները Նորթ Հոլիվուտի, Կլէնտէյլի եւ Վէն Նայզի քաղաքացիներ էին:
Ստորեւ՝ ամբաստանեալեներն ու անոնց դէմ սահմանուած բանտարկութեան պատիժները.
27ամեայ Էտկար Մկրտիչեան՝ չորս տարի
38ամեայ Կարապետ Խաչերեան՝ չորս տարի
31ամեայ Յովիկ Ճօ Ալթունեան՝ չորս տարի
33ամեայ Վահան Յարութիւնեան՝ չորս տարի
28ամեայ Սմբատ Խաչատրեան՝ երկու տարի
31ամեայ Գրիգոր Խորիկեան՝ 16 ամիս: