«Հայաստան աշխարհը հպարտանալու արդար պատճառ ունեցած է, առաջին քրիստոնեայ թագաւորն ու թագուհին՝ Ս. Տրդատն ու Ս. Աշխէնը ծնած ըլլալուն համար. անոնք իրենց քրիստոնէական օրինակելի վարքով ու բարեսիրական գործերով մինչեւ օրս հայ քրիստոնեայ ընտանիքներու համար կը հանդիսանան ներշնչման աղբիւր», պատգամեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն տօնին առիթով իր մատուցած եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Յուլիսի երեկոյեան, առաջնորդարանի մատրան մէջ, որ կը կրէ առաքինի թագաւորին ու թագուհիին անունները։
Ս. խորանին սպասարկեցին Վաղինակ վրդ. Մելոյեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին առաջնորդարանի «Լուսաւորի»չ երիտասարդաց երգչախումբի անդամները։
Պատարագին ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամներ, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, Ազգային վարչութեան ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներ, մատրան բարերարուհին՝ Աշխէն Փիլաւճեանը, առաջնորդարանի բարերարներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։
Մատրան մայր դուռը վերջերս գեղազարդուեցաւ խաչքարի պատկերով ապակեայ արուեստի գործով մը, ի յիշատակ Զապէլ Պասմաճեանի։ Առ այդ, պատարագէն անմիջապէս առաջ տեղի ունեցաւ մատրանս մայր դրան օծման արարողութիւնը, ի ներկայութեան բարերար ընտանիքին։
Պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը ուղղուեցան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։
Իր քարոզին սկզբնաւորութեան, առաջնորդ սրբազանը ողջունեց ներկայութիւնը յարգելի հիւրերուն ու հաւատացեալներու բազմութեան։ Այնուհետեւ, ան անդրադարձաւ տօնին պատմական հիմքերուն՝ Ս. Տրդատ թագաւորի հեթանոսական ու դաժան կեանքին, անոր դիմաց, Ս. Աշխէն թագուհիի ամուր հաւատքին ու ընտանեկան պատիւն ու միութիւնը պահպանելու օրինակելի վարքին, ապա նաեւ՝ թագաւորին քրիստոնէութեան դարձին, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի թագաւորական ընտանիքին մատուցած ծառայութիւններուն ու բարեսիրութեանց։ Սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ ըսելով. «Ս. Աշխէն թագուհիին հաւատքին նման ամուր պահենք հայ ընտանեկան օճախը»։ Ապա իր քարոզը աւարտեց մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մէկ աղօթքով:
Ապա, սրբազան հայրը յայտարարեց, թէ մատրանս բարերարուհին՝ Աշխէն Փիլաւճեանը, որուն անուանակոչութեան տօնն է միաժամանակ, տօնական այս առիթով առաջնորդարանիս կը կատարէ 15,000 տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը։
Արարողութեան աւարտին, ներկաները երգեցին «Կիլիկիա» եւ «Մեր Հայրենիք» մաղթերգները, որոնց յաջորդեց կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։