ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Հետեւելով այլ նախկին նախագահի մը՝ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանիի օրինակին՝ Իրանի նախկին նախագահ Մուհամմատ Խաթամի կոչ ըրաւ Իրանի իշխանութիւններուն, որ նախագահական ընտրութեանց արդիւնքներուն շուրջ ստեղծուած կասկածներուն հետեւանքով հանրաքուէ մը կազմակերպեն, միաժամանակ աւելցնելով, թէ յոյս չունի, որ իշխանութիւնները պիտի ընդունին իր այս կոչը:
Իր կարգին, ընդդիմութեան նախագահական թեկնածու Միրհոսէյն Մուսաւի քննադատեց Իրանի իշխանութիւններուն այն պնդումը, թէ ընդդիմութիւնը կը ղեկավարուի օտար ուժերու կողմէ: Ան աւելցուց, թէ նման պնդումներ վարկաբեկիչ են ժողովուրդին համար:
Հակադարձելով այս կոչերուն՝ Իրանի գերագոյն կրօնապետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Երկուշաբթի օր անգամ մը եւս սպառնական ոճով պահանջեց ընդդիմադիրներէն, որ զուսպ մնան իրենց յայտարարութիւններուն մէջ:
Միւս կողմէ, Իրանի յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու աշխատանքները առաջին խոչընդոտին հանդիպեցան, երբ կարծր դիրքորոշման տէր կարգ մը ղեկավարներ Կիրակի օր ընդդիմացան Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի փոխնախագահի ընտրանքին։
Ահմատինեժատ այդ պաշտօնին համար նշանակած էր Էսֆանտիար Ռահիմ Մաշայի, որուն դուստրը Ահմատինեժատի տղուն հետ ամուսնացած է: Ան վիճելի դէմք մըն է, որովհետեւ Իրանը «իսրայէլացի ժողովուրդին բարեկամ» նկատած էր։
Ծայրայեղական դիրքորոշման տէր ուսանողական երկու համախմբումներ եւս ընդդիմացան Մաշայիի նշանակման, սակայն ան Երկուշաբթի օր անհիմն համարեց այն շշուկները, ըստ որոնց՝ պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն: