ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կիրակի, Յուլիս 19ին մերժեց բռնագրաւուած հողամասերուն վրայ հրէական բնակարաններու կառուցումը դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի պահանջքը՝ յայտնելով, որ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վայրերու հարցով հրահանգներ պիտի չստանայ։
1967ին Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Երուսաղէմի բաժիններուն մէջ 20 յարկաբաժիններ կառուցելու հարցով Ուաշինկթընի հետ նոր տարակարծութիւն մը կրնայ խորացնել երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վիհը։
Իսրայէլեան պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանը իր մօտ կանչած է եւ անոր փոխանցած, թէ Երուսաղէմի քաղաքապետարանին կողմէ վաւերացուած այս ամիս կառուցումներ կատարելու ծրագիրը պէտք է առկախուի։
Նեթանիահու յայտնեց, թէ «Չենք կրնար ընդունիլ այն գաղափարը, որ հրեաներ Երուսաղէմի մէջ որեւէ տեղ ապրելու եւ բնակարան գնելու իրաւունք պիտի չունենան»։
Նեթանիահու իսրայէլեան կառավարութեան շաբաթական նիստին ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց. «Կրնամ միայն երեւակայել, թէ ի՛նչ պիտի պատահէր, եթէ մէկը առաջարկէր, որ հրեաներ Նիւ Եորքի, Լոնտոնի, Փարիզի կամ Հռոմի կարգ մը բաժիններուն մէջ չեն կրնար բնակիլ։ Անշուշտ, միջազգային մեծ պոռթկում մը պիտի ծագէր։ Երուսաղէմի մէջ այս հրովարտակը չենք կրնար ընդունիլ»։
Հակադարձելով Նեթանիահուի խօսքերուն՝ Պաղեստինեան իշխանութեան աւագ բանագնաց Սաէպ Օրէյքաթ յայտնեց, որ իսրայէլացի ղեկավարը պէտք է անդրադառնայ, թէ «Բնակեցման վայրերն ու խաղաղութիւնը երկու զուգահեռներ են, որոնք միասին չեն ընթանար»։