ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մինչ ամէն մարդ կ՛ակնկալէր, որ Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի դարձի հանդիպումը պիտի կայանար Գայսէրիի նորակառոյց մարզադաշտին վրայ, նաեւ տասնեակ հազարաւոր ծաղիկներով պիտի զարդարուէր մարզադաշտը ու գայսէրիցի ընտանիքներ պիտի հիւրասիրէին Հայաստանէն ժամանող հիւրերը, Կիրակի, Յուլիս 18ին, Թուրքիոյ ֆութպոլի դաշնակցութիւնը հաղորդեց, թէ Հոկտեմբեր 14ին կայանալիք մրցումը տեղի պիտի ունենայ Պուրսա, «Աթաթիւրք» մարզադաշտին մէջ։ Մրցումին ժամը ցարդ չէ ճշդուած եւ տոմսակները եւս տակաւին հրապարակ չեն հանուած։
Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղ ազգայնամոլներ 270 հազարէ աւելի ստորագրութիւններ հաւաքած էին՝ բողոքելու համար մրցումը Գայսէրիի մէջ կատարելու որոշումին դէմ:
Յիշեցնենք, թէ Գայսէրին Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի ծննդավայրն է: