ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին Լոս Անճելըսի մէջ մարդասպանութեանց թիւը գրեթէ մէկ երրորդ համեմատութեան նուազած է, բաղդատած անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին:
Արդարեւ, Յունուար 1էն մինչեւ Յունիս 30 արձանագրուած մարդասպանութեանց թիւը հասած է 137ի, մինչ 2008ի առաջին կիսամեակին ընթացքին արձանագրուած էին 198 մարդասպանութիւններ:
Ոստիկանութիւնը յատկանշական կը նկատէ այն իրողութիւնը, որ վերջին տասնամեակին բռնարարքներն ու մարդասպանութեանց թիւը շարունակած է աստիճանաբար նուազիլ, հակառակ այն իրողութեան, որ անգործութեան համեմատութիւնը բարձր մը մնայ քաղաքին մէջ:
Ընդհանուր առմամբ, բռնարարքները, գողութիւններն ու բռնաբարումները 6 տոկոսով անկում արձանագրած են այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին:
Այս տուեալները բացայայտուեցան այն միջոցին, երբ ոստիկանութիւնը պատրաստութիւններ կը տեսնէր յառաջիկայ քանի մը ամիսներու ոճիրներուն թիւը կրճատելու նպատակով, որովհետեւ սովորաբար ամրան ամիսներուն անոնց թիւը աճ կ՛արձանագրէ: