Յունիս 21ին, «Փոքրիկ Հրեշտակներ» դպրոցի աշակերտութիւնը, ծնողներու եւ ուսուցչական կազմի ուղեկցութեամբ, վաղ առաւօտեան եկած էին Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետի հայց. եկեղեցին, ուր տեղի պիտի ունենար աւարտական դասարանի աշակերտներու վկայականներ յանձնելու արարողութիւնը:
Դպրոցի ղեկավարութիւնը՝ յանձին տնօրէնուհի Մարկարիթա Բլիկեանի, իր առաքելութիւնը կը համարէր մատաղ սերունդին տալ բացառապէս հայեցի դաստիարակութիւն, որպէսզի Սփիւռքի օտար ափերուն մեր մատաղ սերունդը չկորսնցնէ իր ազգային եւ հոգեւոր դարաւոր արժէքները:
Աշակերտները պատրաստած էին գեղեցիկ յայտագիր մը, որ սկսաւ «Հայր մեր»ի երգեցողութեամբ: Այնուհետեւ դպրոցի ուսուցչուհի Արաքսիա Աղազարեան համառօտ կերպով նեկայացուց կատարուած աշխատանքները:
Յայտագրի աւարտին, աշակերտներուն յանձնուեցան վկայականները, որոնք ոչ միայն տառաճանաչութեան վկայագիր էին, այլ նաեւ Հայրերու տօնի օրուան աշակերտներու կողմէ լաւագոյն նուէր՝ իրենց ծնողներուն: Ապա, իր հայրական օրհնութիւնը բաշխեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան:
Հանդէսի աւարտին, «Փոքրիկ Հրեշտակները» ստացան Ս. հաղորդութիւն եւ ուխտեցին հաւատարիմ մնալ Ս. Սահակի եւ Մեսրոպի սրբազան ժառանգութեան, առաքելահաստատ եւ լուսաւորչահիմն մեր Ս. եկեղեցւոյ:
«Փոքրիկ հրեշտակներ» ամէնօրեայ վարժարանը կը վայելէ առաջնորդարանի հովանաւորութիւնը:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)