ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Հինգշաբթի, Յուլիս 16ին, Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2010ի Միացեալ Նահանգներու մարդահամարին նուիրուած ձեռնարկ մը, Փոքրիկ Հայաստանի հայութեան տեղեակ պահելու համար մարդահամարի մանրամասնութեանց մասին: Ձեռնարկը միաժամանակ առիթ մը հանդիսացաւ տեղական, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու վրայ տարուող Հայ Դատի աշխատանքներուն մասին տեղեկութեանց փոխանցման:
Հաւաքին ներկայ էին նաեւ Մարդահամարի գրասենեակէն ներկայացուցիչներ, ներառեալ օրուան գլխաւոր բանախօս Անահիտ Թովմասեան:
Հաւաքին ներկայ էին աւելի քան յիսուն հոգի, ներառեալ մեծ թիւով համալսարանական ու երկրորդականի ուսանողներ:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբէն Փօլ Սէրայտարեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ մարդահամարի հարցերով հայ մասնագէտը առիթ ունեցած է ներկաներուն բացատրելու մարդահամարի եւ մասնաւորաբար ամերիկահայութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը:
Թովմասեան իր ելոյթին ընթացքին բացատրեց, թէ ինչպէս կառավարութիւնը շրջաններու իր նիւթական յատկացումները կը կատարէ տեղւոյն բնակչութեան թիւին հիման վրայ, որուն հետեւանքով համայնքներուն պետական վարժարանները, հանրային սպասարկութիւնները, ապահովական սպասարկութիւններն ու պետական այլ ծառայութիւններ կախեալ կը մնան մարդահամարի արդիւնքներէն:
Ան նաեւ յիշեցուց, թէ հայութեան իսկական թիւին արձանագրութիւնը ապահովելու համար պէտք է «Այլ ցեղ» ընտրանքին տակ գրել «հայ»:
Թովմասեան աւելցուց, թէ Միացեալ Նահանգներու Մարդահամարի գրասենեակը յատուկ աշխատանք կը տանի քաղաքացիները տեղեակ պահելու համար, նշելով, որ այս մարզին մէջ կան նաեւ գործի կարելիութիւններ, որոնց համար կարելի է դիմել գրասենեակին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբէն Քրիսթին Սէմէրճեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորին, ներկայացուց յանձնախումբին տարած վերջին աշխատանքները, որոնց շարքին էին Անկախութեան օրուան փառատօնն ու 101 ազատուղիին վրայ Փոքրիկ Հայաստանի ելքը ցոյց տուող ցուցատախտակին քօղազերծումը:
Ապա, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց վարիչ Հայկ Յովսէփեան ելոյթ ունենալով՝ տեղեկութիւններ փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցութիւններուն վերջին իրադարձութիւններուն, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն եւ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ճանաչումը ապահովելու համար առաջադրուած բանաձեւին, նաեւ Հայաստանի ու Արցախի տրամադրուելիք ամերիկեան կառավարութեան օժանդակութիւնները ապահովելու աշխատանքներուն մասին:
Ձեռնարկին մասնակցած Ծովինար Կարապետեան գնահատեց ձեռնարկին կազմակերպումը՝ ընդունելով, որ անոր շնորհիւ շարք մը կարեւոր տեղեկութիւններ քաղած է թէ՛ մարդահամարին եւ թէ՛ հայութեան ու Հայաստանի համար տարուող աշխատանքներուն մասին, որոնցմէ խանդավառուած՝ որոշած է աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել համայնքի աշխատանքներուն:
Փօլ Սէրայտարեան կատարեց ձեռնարկին փակումը՝ կոչ ընելով ներկաներուն, որ աւելի մօտէն գործակցին Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ եւ աւելցնելով, թէ Յուլիս 25ին, յանձնախումբը մասնակից պիտի դառնայ շրջանի հայ համայնքին կազմակերպած տարեկան փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուէսթըրն եւ Հոլիվուտ պողոտաներուն անկիւնը:
«Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի վերաշխուժացած խումբը ուրախ է, որ համայնքին փորձառու գործիչները իրենց օժանդակութեան ձեռքը կ՛երկարեն յանձնախումբին գործունէութիւնը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ շրջանի հայութեան իրաւունքները ապահովելու եւ քաղաքական կեանքին մէջ անոնց յաւելեալ մասնակցութիւնը ապահովելու աշխատանքները ընդարձակել», կը յայտնէ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց հարցերու պատասխանատու Էլի Մէնունու: