ՊԷՅՐՈՒԹ.- 2009ին Պէյրութի՝ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով, կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանի բարեկամներուն, Հինգշաբթի, 16 Յուլիս 2009ին, համալսարանի «Մուկար» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Հեղինակը իր ձայնով՝ պատումի եւ ընթերցումի երեկոներ» ձեռնարկներու առաջին հաւաքը՝ ներկայութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ արուեստասէրներու։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սոնա Սիսլեան, որ նշեց, թէ «Տէրեան» հայագիտական գրադարանի բարեկամներու խմբակին նպատակներէն է գրադարանը աւելի եւս ծանօթացնել հայ ժողովուրդի տարբեր խաւերուն, որպէսզի անոնք օգտուին գրադարանի հարստութենէն։
Բացման խօսքէն ետք օրուան հեղինակին՝ Ճորճ Աբէլեանին գործունէութիւնը ներկայացուց Վերա Կոստանեան, որ ըսաւ, թէ Աբէլեան իր գրական փորձերուն սկսած է ուսանողական տարիներէն՝ աշխատակցելով Հայկազեան քոլէճի «Նաւասարդ» ուսանողական հանդէսին։ Կոստանեան յայտնեց, որ հեղինակը երգիծական-քննադատական գրութիւններ հրատարակած է «Բագին»ի եւ «Ազդակ»ի մէջ, եւ ան ներկայիս կ՛աշխատի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին վերաբերող վէպի մը վրայ։
Ապա խօսք առաւ Ճորճ Աբէլեան, որ ընթերցեց «Պէյրութ», «Աննա հարսը» եւ «Ցկեանս նահատակութիւն» գործերէն հատուածներ։ Ան ընթերցանութիւններուն զուգահեռ ներկաներուն փոխանցեց գրութիւններուն շուրջ համապատասխան տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ։
Խօսելով «Ցկեանս նահատակութիւն» հատորին մասին՝ Աբէլեան հաստատեց, թէ այդ գործը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւններն ու ապրումները։ Այս գծով Ճորճ Աբէլեան ըսաւ, թէ իր տարբեր շրջապտոյտներուն ընթացքին կրցած է հաւաքել բազմաթիւ այլ վկայութիւններ, որոնք կ՛անդրադառնան Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, եւ որոնք յառաջիկային լոյս պիտի տեսնեն։
Նշենք, 23 եւ 30 Յուլիսին, միեւնոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենան ընթերցումի այլ ձեռնարկներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.