Յառաջիկայ Կիրակի, 26 Յուլիսին, Քրեսէնթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 3րդ տարեդարձին առիթով, եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Unity Church of the Valley եկեղեցւոյ մէջ, Լա Քրեսէնթա, կ.ե. ժամը 1ին։
Պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Ս. խորանին պիտի սպասարկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան։