ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
12 Յուլիս, 2009 կ.ե. ժամը 2էն սկսեալ, սովորական անդորրութեամբ լեցուն շինութեան, որ տեսիլքի մը խտացուած ամբողջութիւն մըն է, շրջափակը վայրկեան առ վայրկեան լեցուեցաւ ժողովուրդի հոծ բազմութեամբ:
Բարձրէն թեւածող թռչուններու նման միտքով կը թափառիմ ու հայացքս բեհեզեան երկինքին մխրճած՝ կը տեսնեմ աշխարհացրիւ հայութեան արեան կանչը՝ պայքարելու, ապրելու, յոյսի, հաւատքի ու կամքի յաղթական արշաւին ի տես:
Խօսքս կ՛երթայ ինքնատիպ նորակառոյց Երիտասարդական կեդրոնի բացման սքանչելի արարողութեան, որ կը տօնէ ու կ՛ողջունէ այդ շինութեան յաղթանակը:
Օրհնութեամբ օծուն հողակտորը, աղիւսը, բահը, ջուրն ու շաղախը անոր գլխաւոր յատակագիծին վրայ հաստատուն մնացին, եւ իրականացաւ հայ համայնքին «երազ»ը՝ Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ հողատարածքին կից Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեաններու անունը կրող Երիտասարդական կեդրոնը վեր բարձրացնելով:
Ինչպէս ծառ մը հասակ կ՛առնէ հողէն, սնանելով իր աւիւնը հողի ընդերքէն ու թթուածինը՝ իր շրջապատի մթնոլորտէն, այնպէս ալ այս կառոյցը ծնաւ իր իսկ ժողովուրդին ծոցէն, ապա գիծի ու գոյնի խաղով կառուցուեցաւ եւ իր լրումին հասաւ, ստացաւ շունչ ու կեանք իր իւրայատուկ տիպով ու իր ժողովուրդով:
Իր պարզութեամբ վեր խոյացած այս եռայարկ կառոյցը հպարտօրէն հայեացքն ուղղած է արեւին, յաղթանակի նուաճումով:
Առաջին յարկէն երրորդ յարկ՝ իրարու շաղկապուած եւ զիրար ամբողջացնող կազմուածքը շատ բան ունի ըսելիք եւ ընելիք…
Հ.Յ.Դաշնակցութեան անմիջական հովանիին ու շունչին տակ օժանդակութեան տենդով վարակուած՝ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի բացառիկ իրագործումներէն այն օրինակելի արարքի մը մասին է ակնարկս, որ գրաւած է շինութեան երկրորդ յարկը: Անսակարկ նուիրումով աշխատող մասնաճիւղի բոլոր ընկերուհիներուն ու նուիրատուներուն՝ իբրեւ հոգածու մօր եւ հանրանուէր կնոջ, ամբողջական խորհուրդն է ան: Այս պահուս կարելի է յիշել Ժագ Ս. Յակոբեանի անմահական տողերը.
Օ՜ Կանացի այս Ծուռերը, հայանուէր այս տուրերը
Որ Մաշտոցի ուժ ու թափով Հայ ոգիի
Կը քանդակեն ապառաժներ Հայ դպրոցի եւ Հայ տունի
Որ հայ շրթներ միշտ տրոփեն բառ հայերէն
Որ հայ կուրծքէն միշտ ամպրոպեն երգ հայերէն:
Իրաւ, վարչութեան ամէնէն գեղեցիկ ու ամէնէն խիզախ երազներէն մէկն է՝ արժեւորել մեր աւանդութիւնները հայ մանուկին փոխանցելու համար հայ մշակոյթը, գիրը, լեզուն, գրականութիւնը, երգը եւ պարը, ձեւաւորելով զայն իբրեւ ապագայ կերտողներ, ՀՕՄի ժառանգորդներ: Ո՛ւր որ կը շարժի իմացական ու լեզուական կարողութիւններ, կը ստեղծուի ընկերային առողջ մթնոլորտ, կեանքը կ՛եռայ խինդ ու ծիծաղով մանկանց, որոնք չարաճճի գոհունակութեամբ անհամբեր կը սպասեն Սեպտեմբերին, Շաբաթօրեայ վարժարանի վերամուտին:
Վարչութեան արդար իրաւունքն է ունենալ իր սեփական երդիքը, որ այս վարակիչ պահէն պիտի շարունակէ հասնիլ բոլորին, անխտիր՝ ծերին ու մանկան, հիւանդին, կարօտեալին, տէրը ըլլալով ՀՕՄի գաղափարական աւանդին, վստահ ըլլալով, որ հայ ժողովուրդն է ՀՕՄի դրամագլուխը:
Հայոց պատմութեան պէս հինաւուրց բայց երիտասարդ այս կեդրոնը վերանորոգումն է հայութեան ծառայելու ուխտին, իսկ Երիտասարդական կեդրոնը, իր կշռոյթով, կ՛ամբողջացնէ գալիք սերունդը «ԱՌՈՂ ՄԻՏՔ, ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄԻՆ»ով կերտելու սկզբունքը:
C HAD OURAKH EM. VOR ENGEROUHI ROUSANNA OULIGYAN ESSGESSADZ E KORDZOUNEYOUTYAN, HATCHOGHOUTYOUN YEV LAVAKOUYN MAGHTANKNER.