ՍԷՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, Յուլիս 27ին յայտարարեցին, թէ պատրաստ են երկրին հիւլէական զէնքերու ծրագիրին շուրջ նոր երկխօսութեան՝ Միացեալ Նահանգներու հրաւէր մը ուղելով Փիոնկեանկի հետ դէմ առ դէմ բանակցելու։ Սակայն, սոյն յայտարարութենէն քանի մը ժամ առաջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Փիոնկեանկի թելադրեց կառչած մնալ վեց պետութիւններու տարազով բանակցութեանց, բան մը, որ Հիւսիսային Քորէա կը մերժէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.