ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան Սննդամթերքի անվտանգութեան եւ անասնաբուժական պետական տեսչութիւնը Յունուար–Մայիս ժամանակահատուածին իրականացուցած է ստուգումներ Երեւանի եւ այլ մարզերու 1001 խանութներու մէջ։
Ըստ տեսչութեան Իրաւական ապահովման եւ տեղեկատուութեան բաժնի պետ Սուսաննա Մինասեանի, ստուգումներու ենթարկուած 1001 խանութներէն միայն 62ի պարագային խախտումներ չեն յայտնաբերուած, մնացեալը ենթարկուած են վարչական պատասխանատուութեան:
Ս. Մինասեան նշած է, որ Մայիս 7էն ետք, կառավարութեան որոշումին համաձայն, տեսչութիւնը դադրեցուցած է ստուգումները։