ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- «Նայիրիտ-2» գործարանի փոխ-տնօրէն Ալպերթ Սուքիասեանի փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, Չինաստանի մէջ կառուցուող կերպընկալի (քաուչուկ) հայ-չինական գործարանին մէջ կ՛ընթանան սարքաւորումներու փորձարկումներ: Մինչեւ տարեվերջ գործարանը պիտի յանձնուի շահագործման:
Գործարանի 40 տոկոսի բաժնետէրը Հայաստանն է, 60 տոկոսինը՝ Չինաստանը: Ըստ Ա. Սուքիասեանի, կ՛ակնկալուի նաեւ, որ սկզբնական շրջանին գործարանը տարեկան արտադրէ շուրջ 30 հազար թոն կերպընկալ, որուն հիմնական մասը պիտի սպառի Չինաստանի մէջ: «Այս գործարանի կառուցումից Հայաստանը մեծ յոյսեր ունի: Կարծում եմ, որ մեր տնտեսութեան զարգացման վրայ, այն եւս էական ազդեցութիւն կ՛ունենայ», ընդգծած է Ա. Սուքիասեան: