ՊԸՐՊԷՆՔ.- Հայ Դատի յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը (ANC-PAC) կը տեղեկացնէ, թէ յանձնախումբի նոր վարչութիւն մը կազմուած է: Նախկին վարչութենէն կը մնան ատենապետ Արմէն Մարթին ու Րաֆֆի Համբարեան, իսկ անոնց միացած են Մայքըլ Մահտէսեան, Արմոնտ Աղախանեան, Քրիս Տէմիրճեան եւ Արմէն Թամրազեան:
Արմէն Մարթին «Buchalter Nemer» հիմնարկէն իրաւաբան մըն է, որ ուսանողութեան տարիներուն եղած է Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Ռապ Հըրթի իրաւական հարցերու խորհրդական, իսկ աւելի կանուխ, վարժողական ծրագրի մը մասնակցած է քոնկրէսական Տէյվիտ Տրայըրի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի գրասենեակներուն մէջ:
Րաֆֆի Համբարեան երկար տարիներու անդամ է վարչութեան եւ ներկայիս Լոս Անճելըս գաւառի Քաղաքային փոխադրական հարցերու վարչութեան (MTA) մէջ դաշնակցային կառավարութեան հետ յարաբերութեան բաժնի վարիչն է: Ան անցեալին պաշտօնավարած է զանազան քոնկրէսականներու մօտ:
Մայքըլ Մահտէսեան 1993-2000ի միջեւ Միացեալ Նահանգներու միջազգային զարգացման մարմնի (USAID) Մարդասիրական հակազդեցութեանց բաժանմունքի պետի տեղակալն էր նախագահ Պիլ Քլինթընի կառավարութեան մէջ, իսկ անկէ առաջ, եղած է Հայաստանի երկրաշարժի զոհերուն օժանդակութիւն փոխադրելու Հայկական միացեալ հիմնադրամի գործունէութեան վարիչ գործավարը: Ան նաեւ եղած է քոնկրէսական Թոնի Քոէլոյի խորհրդական, իսկ ներկայիս անդամ է «Սըրվիքոն»ի ընկերութեան վարչութեան:
Արմոնտ Աղախանեան եղած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախկին խօսնակ ու ներկայիս՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հըրպ Ուէսընի, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի մեծամասնութեան նախկին ղեկավար Տարիօ Ֆրոմըրի անձնակազմերու անդամ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի նախին խօսնակ Ֆապիան Նունիէզի խորհրդական: Ան եղած է նաեւ Կլէնտէյլի զբօսավայրերու յանձնաժողովի ատենապետ ու զանազան տեղական կազմակերպութեանց վարչութեանց անդամ:
Քրիս Տէմիրճեան իրաւաբան մըն է «Sands & Associates» իրաւաբանական հիմնարկէն, իսկ անցեալին՝ «Courteau & Associates» հիմնարկէն: Ուսանողական տարիներուն, ան եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յատուկ ծրագիրներու համակարգող ու աշխատած է իրաւաբանական զանազան հիմնարկներու եւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան ու Ծերակոյտի անդամներու գրասենեակներուն մէջ:
Արմէն Թամրազեան Քալիֆորնիոյ Վճռաբեկ ատեանի բարձրաստիճան փաստաբաններէն մէկն է, իսկ անցեալին գործընկեր մը եղած է «Case, Knowlson, Jordan & Wright LLP» իրաւաբանական հիմնարկին: Ան նաեւ դատաւոր եղած է Լոս Անճելըս գաւառի գերագոյն ատեանի համակարգէն ներս ու գործօն մասնակցութիւն բերած է հայ համայնքի կեանքէն ներս, ՀԲԸՄի եւ Կլէնտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին միջոցաւ: