ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Boy Scouts of America»ի Արեւմտեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան «Նկարագրի ղեկավարներ» ձեռնարկին ընթացքին պիտի պատուէ Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի նախկին դատաւոր Արմանտ Արապեանը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յուլիս 29ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, «Ռուկիէրի» ընկերութեան սեփականատէր Վինի Ռուկիէրիի բնակարանին մէջ:
Արապեան կ՛ընդունի, թէ սկաուտական դաստիարակութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է իր նկարագրի կերտումին մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել Համլեթ Շիրվանիի՝ (818) 933-0117 թիւով: