ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Աշխարհի մեծամասնութիւնը այն կարծիքը կը բաժնէ, թէ Ամերիկա իր ուժը կը շահագործէ միւս ազգերը ճնշելու համար։ Միջազգային հանրային կարծիք կազմակերպութեան եւ «Մէրիլէնտ» համալսարանի կողմէ համատեղ կազմակերպուած հարցախոյզի մը համաձայն, աշխարհի գլխաւոր 19 երկիրներէն 15ը այն կարծիքն ունի, որ Ամերիկա կը պարտադրէ, որ միւս պետութիւնները իրենց քաղաքականութիւնը վարեն ի շահ Ուաշինկթընի, եւ չի յարգեր միջազգային օրէնքները:
Ամերիկայի ուղղեալ քննադատութիւնը բաւական խիստ է Ռուսիոյ մէջ, ուր հարցախոյզին մասնակիցներուն 75 տոկոսին համաձայն, Ուաշինկթըն կը չարաշահէ իր ուժը։ Ամերիկայի դէմ ամենաբացասական զգացումները արձանագրուած են Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հարաւային Քորէայի, Թուրքիոյ, Փաքիստանի եւ Պաղեստինի մէջ։
Ընդհանուրին աւելի քան 60 տոկոսի կարծիքով, Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահ Պարաք Օպամա աւելի շինիչ արտաքին քաղաքականութիւն կը վարէ՝ իր նախորդին բաղդատմամբ։ 77 տոկոսին համաձայն, Ամերիկայի ռազմական զինանոցը սպառնալիք է աշխարհի համար։ Ուշագրաւ է նաեւ, որ ամերիկացիներու 71 տոկոսը նոյն մտահոգութիւնը կը բաժնէ ամերիկեան զինուորական ուժին նկատմամբ։