ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երկուշաբթի, Յուլիս 27ի երեկոյեան, գրեթէ նոյն ժամուն, հերքումներ հրատարակելով՝ մերժեցին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի փաստաբաններուն եւ կարգ մը թերթերու կողմէ հրատարակուած այն պնդումը, թէ նախագահն ու վարչապետը անուղղակի կերպով խնդրանքներ ներկայացուցած են Օչալանին։ Նախագահութեան կողմէ ըսուեցաւ, թէ այս լուրը բոլորովին անհիմն է, իսկ վարչապետարանի լուսաբանութեան մէջ ըսուեցաւ, թէ նմանօրինակ լրատուութիւններ հիմնուած են սուտի ու զրպարտութեանց վրայ։
Կիւլ, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ մեկնաբանութիւններ ըրաւ քրտական հարցին մէջ նոր էջ բանալու այն շշուկներուն մասին: Ան ըրաւ հետեւեալ խորհրդածութիւնները. «Քրտական հարցը մե՛նք պիտի լուծենք, ոչ թէ ուրիշը: Բազմաթիւ հարցեր ունինք։ Եւ որքան յաջողինք մեր սեփական նախաձեռնութեամբ լուծել այդ հարցերը, այդքան ճիշդ արդիւնք կը ստանանք։ Այս երկրի բոլոր բնակիչներուն մօտ երկրին պատկանելու զգացումը պէտք է զօրացնենք ու պէտք է վստահ ըլլանք, որ ամէն մարդ գոհ է: Երջանկութեան հասնելու միջոցը նախ տնտեսականն է, ապա՝ ժողովրդավարական չափանիշներու բարձր մակարդակի հասնիլն է։ Այս երկուքը եթէ ապահովենք, ամէն մարդ երջանիկ կ՛ըլլայ. ամէն մարդու մէջ կը զօրանայ նաեւ այս երկրի պատկանելիութեան զգացումը։
«Թուրքիոյ նման երկիրներ, որոնք անցեալին մեծ պատասխանատուութիւններ ստանձնած են, իրենց հողերուն վրայ տարբեր ինքնութիւններով մարդիկ ունին: Եթէ յաջողինք այդ տարբեր ինքնութիւնները տեսնել իբրեւ հարստութիւն, այն ատեն կը զօրանանք։ Եթէ ամէն մարդ յարգէ ուրիշին ինքնութիւնը, ծնունդ կ՛առնէ սէրն ու յարգանքը։ Այսպիսի բարեացակամ աշխատանքի ամէն մարդ պէտք է իր մասնակցութիւնը բերէ»։