ԳԻՒՄՐԻ, «Ազատութիւն».- «Գիւմրի» կայարանի տնօրէն Վահան Գասպարեանի հաւաստումով, Հայաստան-Թուրքիա սահմանին գտնուող «Ախուրեան 2» երկաթուղային կայարանին մէջ վերանորոգման աշխատանքներ չեն կատարուիր, թէեւ Ապրիլին «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութիւնը յայտարարած էր, թէ կը պատրաստուին այնտեղ բեռնափոխադրման համալիր մը հիմնելու:
Ըստ Գասպարեանի, գոյութիւն ունեցող երկաթուղին գործուն վիճակի մէջ է, սակայն տակաւին պահանջք ունի հետագայ աշխատանքներու։
«Անցած ամառ վերանորոգման աշխատանքներ տարուեցին Գիւմրի-Կարս երկաթագծի 12 քիլոմեթրանոց հատուածում: «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութիւնն այս տարի յայտարարել էր, որ Գիւմրի-Կարս երկաթագծում այս տարին նոյնպէս կը տարուեն վերանորոգման աշխատանքներ, իսկ «Ախուրեան» կայարանում կը կառուցուի բեռնափոխադրման համալիր: Այդուհանդերձ, «Հարաւկովկասեան երկաթուղի» ընկերութեան ներկայացուցիչները նաեւ նշել էին, որ ամէն ինչ կախուած է սահմանի բացման ժամկէտներից, նախատեսուող փոխադրումների ծաւալից», յայտնած է կայարանի տնօրէնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Vertch!!
soudine ou boudine
gartal esdorev
Ձայն տուր ով Ֆետա…
Նեն•ամիտ խարդախ թիւրքը ճարտար է դիւանա•իտութեան մէջ
Կեսարեան փոխառիներ են Պուրսայով
Սա կը նշանակէ փոխան •նդակի, ֆութպոլ խաղալ՝ մասնա•էտ միլարատէր Սար•իսոֆֆի « քելլէ»ին հետ,(բարի վայելում վարպետ, մինակդ •նա՛)
եւ զայս՝
«Ճամբայ բանալու» ստապատիր խոստումներով…
թաղելով հեղ մը եւս մեր սրբազան դատը եւ լեռն ալ միասին։
Մենք ատոր կարիքը չունինք
Կը մերժենք •ազանին լարած ծուղակը իյնալ
Թող իրենց պահեն ֆութպոլի անհամ այլ թուանաւոր այդ «Չորպան» որ կ՛ուզեն սահեցնել հայորդիներու որովայնին մէջ։
Մէկ բան միայն
պոյքոթի ենթարկել անպատւութեան այդ դժխեմ «տօնահանդէսը»ը