ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Սքայլայթ պուքս» գրախանութը կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբերին լոյս տեսնող Մայքըլ Պոպէլեանի «Children of Armenia: A Forgotten Genocide and the Century-Long Struggle for Justice» հատորը գրախանութին մէջ պիտի ներկայացուի Սեպտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին:
Հեղինակը Քոլոմպիա համալսարանի լրագրութեան ճիւղը աւարտած է եւ իրաւաբան մըն է, որուն յօդուածները լոյս տեսած են «Ֆորպզ», «Ամէրիքըն լոըր», «Լիկըլ ըֆէրզ» եւ այլ թերթերու մէջ ու համացանցային կայքերու վրայ:
Նիւ եորքաբնակ Մայքըլ Պոպէլեան նաեւ թոռնիկն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներու. տուեալ մը, որ մղիչ ուժը եղած է այս հատորին:
Հեղինակը կը գրէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին իր ընտանիքին պատմութեան ծանօթանալէ ետք սկսած է կատարելու պրպտումներ, որոնց ընթացքին չէ կրցած տրամաբանել, թէ Ցեղասպանութեան օրերուն «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ու այլ թերթերու կողմէ հաղորդուած նման դէպք մը ինչպէ՞ս մոռացութեան մատնուած ու անտեսուած է: Միայն «Նիւ Եորք Թայմզ»ի 1915ի արխիւներէն ան գտած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին լուրեր փոխանցող 100է աւելի նիւթեր:
Յայտնենք, թէ լաթակազմ հատորը կը հրատարակուի յայտնի «Սայմըն էնտ Շուսթըր» հրատարակչատան կողմէ, ինչ որ կրնայ նպաստել անոր աւելի լայն տարածումին:
«Սքայլայթ պուքս» գրախանութին հասցէն է՝ 1818 N. Vermont Avenue: