Քարիւղի պաշարներով հարուստ Իրաքի հիւսիսային Քիւրտիստան շրջանի խորհրդարանին մէջ հայ պատգամաւոր մը է ընտրուած է 111 հոգինոց խորհրդարանին մէջ: Շրջանի ազգային փոքրամասնութիւններուն յատկացուած աթոռնփրէն մէըկ վերապպահուած էր հայերուն:
Քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ Շաբաթ օր: Երեք հայ թեկնած առաջադրուած են եւ արդիւնքներուն հրապարակման ձգձգման պատճառով միայն Չորեքշաբթի, Յուլիս 29ին յստակացած է արդիւնքը:
Արդարեւ, Իրաքի Ազգային կենդրոնական վարչութեան ատենապետ Պարոյր Յակոբեան «Ազատութիւն» կայանին յայտնած է, թէ ընտրուած է Արամ Շահին Բակոյեան, որ անդաշ է Քիւրտիստանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան: Ըստ Յակոբեանին, բոլոր հայ թեկնածուներն ալ Պարզանիի կուսակցութենէն քրտախօս հայեր են: Արամ Շահինը Արծրուկ բնակավայրէն ու անցեալին մասնակցած է Պարզանիի զինեալ ջոկատներու կռիւներուն:
Պարոյր Յակոբեանը նաեւ յայտնեց, որ Իրաքի Քիւրտիստանի մէջ ներկայիս մօտաւորապէս երկու2հազար հայ կը բնակի:
Յայտնենք, թէ Պարզանիի եւ Ճալալ Թալապանիի դաշինքը խորհրդարանական ընտրութիւններում յաղթանակ արձանագրած է, սակայն 2005ին ապահոված 78 փոխարէն կրցած է միայն 55 աթոռ ապահովել: Ընդդիմութիւնը ընտրական կեղծիքներ կատարելու յանցանքով ամբաստանած է դաշինքը եւ բողոքի նամակներ յպղած է ՄԱԿին եւ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն:
Ներկայ պայմաններուն տակ, ընդդիմադիրները խորհրդարանին մէջ պիտի ունենան 28 պատգամաւոր: