ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ աւելի քան 80 քոնկրէսականներ ստորագրած են նախագահ Պարաք Օպամայի յղուած այն նամակը, ուր կը քննադատուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու աշխատանքներուն ընթացքին Թուրքիոյ առած ետքայլը:
Քոնկրէսականները նամակին մէջ կը նշեն, թէ Թուրքիա Ապրիլ 24ի նախօրեակին Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու առնչուող «ճամբու քարտէս»ի համաձայնութիւն ստորագրած է, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ պայմանները իրագործելու պատրաստակամութիւն չունէր:
Արդարեւ, յաջորդող ամիսներուն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն առջեւ նախապայմաններ դնելու Թուրքիոյ քայլերը ցոյց տուին, թէ Անգարա իսկապէս պատրաստ չէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, առանց որեւէ նախապայմանի:
Նամակին մէջ կոչ կ՛ըլլայ նախագահ Օպամային, որ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանցենէ, որպէսզի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները չկապուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման: Հոն նաեւ կոչ կ՛ըլլայ նախագահ Օպամային, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը եւս չկապէ Թուրքիա- Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացին:
Քոնկրէսականներուն ստորագրած նամակը նախաձեռնութիւնն է քոնկրէսականներ Էտըմ Շիֆի, Ֆրէնք Փալոնի, Մարք Քըրքի եւ Ճորճ Ռատանովիչի:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քէն Խաչիկեան դրուատեց վերոյիշեալ չորս քոնկրէսականներուն ներդրումը: «Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք չէ պատանդ մը ըլլայ կեղծ «ճամբու քարտէս»ին: Նաեւ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը պէտք չէ կապուի
Հայաստանի վրայ պարտադրուած շրջափակման վերացումին», կը յայտնէ Խաչիկեան:
Քոնկրէսականներուն ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել մեր համացանցային www.asbarez.com կայքին վրայ: