Ամէն անգամ նիւթական լայն միջոցներ ենթադրող ձեռնարկի մը յաջողութեան հետ տնտեսական ներկայ ճգնաժամային պայմաններու յիշեցումը, պարզապէս ձեռնարկի իրականացման ուղղութեամբ զոհողութեան չափի գնահատումը կատարելու համար կ՛ըլլայ:
Այս տեսանկիւնէն, իրապէս մեծ իրագործում մըն է ՀՄԸՄի համար, իր Կեդրոնական վարչութեամբ ու Շրջանային վարչութիւններով, տնտեսական այս պայմաններուն տակ, մարզիկներու բանակ մը հասցնել Հայաստան ու այնտեղ իրականացնել Համահայկական 8րդ մարզախաղերը: Արեւմտեան շրջանէն միայն հաւաքական աշխատանքով ու զոհողութիւններով, կարելի դարձաւ 68 մարզիկներու մասնակցութիւնը ապահովել երեւանեան մարզախաղերուն:
Ի՞նչ են այս իրագործման բաղադրիչները.
Աշխարհի չորս ծագերէն հաւաքուած երիտասարդները՝
* Առիթ պիտի ունենան ներկազմակերպական, միջմասնաճիւղային իրենց ծանօթացումը խորացնելու.
* Առիթ պիտի ունենան հայրենիքը ճանչնալու, հայրենի ժողովուրդին հետ շփուելու.
* Հայրենիքի տնտեսութեան իրենց լուման պիտի ներդնեն.
Բոլոր առումներով օգտակար, բոլոր առումներով ներշնչող ձեռնարկ մը, որ կը սկսի այսօր, անկախ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄի այս նոր յաղթանակը: Բարձունք մը եւս նուաճեց համահայկական այս մեծ կազմակերպութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.