Հ. Տ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Յուլիս 25, 2009, Շաբաթ երեկոյ:
Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի շրջանն ենք: Կ՛այցելենք լուսանկարչական ցուցահանդէս մը: Ցուցադրուած են երեսուն մեծ ու փոքր չափերով լուսանկարչական գործեր: Գործերը՝ արհեստավարժ լուսանկարիչ Թամար Եարտըմեանին, որ իր ընկերոջ՝ Շանթ Պապուճեանի հետ, 2006ի Յուլիսին, ՀՕՄի օժանդակութեամբ æաւախք այցելեր էր յատուկ նպատակով: Երկուքն ալ ՀԵԴի գործօն անդամներ են: Հո՛ս պէտք է փնտռել արմատները æաւախք երթալու եւ սեփական յոյզերով եւ լուսանկարչական աչքերով վկայութիւն բերելու մեր հասարակութեան քիչ մը անտարբեր զգայնութիւններուն:
Այցելուները շատ էին: Հետաքրքրուողները անսպասելի: Ծախուած են 27 գործեր: Նշանակալից նախաձեռնութիւն մը, որովհետեւ հասոյթը ունէր բարեգործական մէկ նպատակ՝ ինքնաշարժներ հայթայթել æաւախքի հայ տղոց: æաւախքի կարիքները շատ են:
æաւախքը հայկական հողային տարածքին մաս կազմած է դարերով, սակայն այսօր կը գտնուի Վրացական սահմանէն ներս, հեռու մարդկային եւ ընկերային հոգատարութիւններէ: Վրաստանը եւ վրացիները անտարբեր են, թշնամալից: æաւախքը Պատմական Հայաստանի Գուգարք կոչուած գաւառին մաս կը կազմէր, յայտնի՝ շարք մը լիճերով, փարթամ արօտավայրերով եւ սառնորակ աղբիւրներով: æաւախքը առաջին անգամ կը յիշատակուի մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացիի կողմէ (Ե. դար, Պատմութիւն Հայոց, Վենետիկ, 1955, գիրք. Բ. թիւ Ը. էջ 181: æաւախքի մասին տե՛ս նաեւ Ինճիճեան Հայր Ղուկաս, Ստորագրութիւն Հին Հայաստանեայց, Վենետիկ, 1822, էջ 365-366: Թ. Խ. Յակոբեան-Ստ. Կ. Մելիք Բաշխեան, Հայաստանի եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան, հտ. Դ. Երեւան, 1998, էջ 389-390):
Այսօր, æաւախքի հայ բնակչութիւնը մեծամեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ. նիւթական, ընկերային, առողջապահական, դպրոցական, մշակութային, կազմակերպչական, եւ այլն: Դիտեցէ՛ք Թամարին լուսանկարները: Ձեր լսածները բաւարար չեն: Դիտեցէ՛ք: Անոնք համապարփակ պատկերը կու տան հայութեան անմխիթար կենցաղին: Թամարը, թէեւ երիտասարդ իր ասպարէզին մէջ, սակայն հասուն կերպով կը պատասխանէ մեզի. «Կարեւորագոյն նպատակս եղաւ æաւախքի մասին լուսանկարչական վկայագրութիւն մը բերել հրապարակ: Լուսանկարչական հարիւրաւոր գործեր, որպէսզի մեր հասարակութեան բոլոր խաւերը հետաքրքրուին æաւախքի ապրած դժուարութիւններով: Նպատակս էր պատրաստել մատչելի ու որակաւոր հաւաքածոյ մը, արուեստի գործ մը՝ իբր խօսուն վկայութիւն æաւախքի մասին, ահազանգ հնչեցնել, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, օգնութեան հասնելու համար հոն ապրող մեր եղբայրներուն»:
Արդարեւ, ցուցահանդէսը լուրջ հետաքրքրութիւն մը աւետող աշխատանք մըն էր՝ հանդէպ æաւախքի հայութեան շատ դժուար կեանքին:
Մեր հաւաքական ամբողջ ուժերով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հոսանքներով ու կառոյցներով, պարտաւոր ենք հոգալ անմիջական կարիքները æաւախքի հայութեան: Նիւթական մակարդակի վրայ æաւախքը անմիջական օգնութիւններու կարիքը ունի: Ասիկա է Թամար Եարտըմեանին երիտասարդական միակ պատգամը, կոչը, անոր փաստագրական վկայագրութեան աղաղակող ձայնը: Լսե՛նք:
Լսենք մեր երիտասարդներուն վաւերական, հարազատ հեւքը՝ հանդէպ մեր ժողովուրդին, մեր հողին, մեր արմատներուն, մեր արժէքներուն, համամարդկային ու ազգային մեր մտահոգութիւններուն ու ցաւերուն միաժամանակ: Չմնանք անտարբեր:
Ցուցահանդէսը լեցուն էր նպատակով: Խօսուն էր բովանդակութեամբ: Քաջալերենք մեր երիտասարդները: Անոնք արժանի են մեր գնահատանքին ու քաջալերանքին: