ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիայի հայ գրողներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ յաջորդ գրական հանդիպումը, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի հովանաւորութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Օգոստոսի 6ին, երեկոյան ժամը 7-9, գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard St.)։ Հանդիպման ընթացքին պիտի կատարուի նոր հրատարակուած «Ձայն Բազմաց» ժողովածուին շնորհահանդէսը: Հատորը լոյս տեսած է այս տարի եւ անոր մեկենասն է Հայց. առաքելական եկեղեցիի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը: Հատորին մէջ ընդգրկուած են 51 հեղինակներ:
Գրական զեկուցում պիտի ներկայացնեն փրոֆ. Օշին Քէշիշեան եւ արձակագիր Սարգիս Վահագնը: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Տեղւոյն վրայ կարելի պիտի ըլլայ գնել հատորէն օրինակներ, որոնց արժէքը 25 տոլար է: