ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հետեւողական աշխատանքի մը արդիւնքն էր իրականացումը ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի աւելի քան երեսուն տարիներու մեծ երազին՝ սեփական մարզադաշտի տէրը դառնալու փափաքին: Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնէն ներս ՀՄԸՄի «Նշան եւ Սօսի Խաչիկեան» նոր մարզադաշտին արագ եւ ամբողջական վերաշինութիւնը ինքնին, իբրեւ մեծ իրագործում, յաղթական պատկեր մը կը ներկայացնէ, որ խորքին մէջ արդիւնքն է մարզադաշտի մը տէրը դառնալու կառուցման հանդէպ հաւատք ունեցողներու մեծ ճիգերուն:
Մասնաճիւղը, շնորհիւ իր անդամներուն եւ համակիրներուն, յաղթանակեց: Նման կառոյցի մը հանդէպ հաւատք ունեցողները անոնք են, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս օժանդակեցին եւ իր լրումին հասցուցին այս ազգանուէր աշխատանքը: Այսօր «Ազատամարտ»ը տէր է նման կառոյցի մը: Փաստօրէն արդիւնքն է, որ կը խօսի:
Այս առթիւ, ՀՄԸՄի վարչութիւնը գրեթէ ամէն օր, նոր Հայ կեդրոն այցելող իւրաքանչիւր այցելուէ լսեց գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսքեր, որոնք լաւագոյն արտայայտիչն են իրենց այդ ապրումներուն։ Այս բոլորը կը բացայայտեն նաեւ, թէ ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղը կը վայելէ արժանավայել գուրգուրանքը շրջանի հայութեան:
Պաշտօնապէս շնորհաւորելու եւ իր գնահատական խօսքերն ու զօրակցութիւնը յայտնելու միտումով, ինչպէս նաեւ քոյր միութեան վարչական կազմին աւելի մօտէն ծանօթանալու ցանկութեամբ, Երկուշաբթի, 20 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանի առաջնորդութեամբ, ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, իր լման կազմով այցելեց Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ «Ազատամարտ»ի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Կարապետեանի եւ վարչական կազմի բոլոր անդամներուն կողմէ:
Աւելի քան մէկ ժամուան այս եղբայրական հանդիպման սկիզբը, հիւր ՀՄԸՄականները շրջեցան նոր կեդրոնի զանազան բաժանմունքները ու յատկապէս գովասանքով արտայայտուեցան նոր կառուցուած մարզադաշտին մասին: Ապա, իրարու ծանօթացման բաժինէն ետք, կեդրոնի ժողովասենեակէն ներս տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց: Երկու վարչութիւնները իրարու աշխատանքի հանգրուանները աչքէ անցուցին, միաժամանակ միասնաբար գնահատեցին սկաուտական ու մարզական բաժիններէն ներս արձանագրուած նուաճումները, մատնանշեցին միութենական բարձր առաքելութիւնը, ու շեշտաւորեցին ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին բարգաւաճման սատարող իրագործումները:
Երկու կողմերն ալ թելադրութիւններ փոխանակեցին ու խոստացան իրարահասկացողութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ շարունակել նման հանդիպումներ:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի շուշանածաղիկը կրող կարկանդակի հիւրասիրութիւնը, զոր հիւր վարչութիւնը իր բարի մաղթանքներուն կողքին, իրեն հետ բերած էր: