ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Երկար ամիսներու նախապատրաստական աշխատանքներու շնորհիւ, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը 68 հոգինոց մարզական պատուիրակութեամբ մը մեկնեցաւ Հայաստան, մասնակցելու համար Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերուն, որոնք առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենան հայրենիքի մէջ, 1-8 Օգոստոս 2009ին:
Շրջանի պատուիրակութիւնը Երեքշաբթի, 28 եւ Չորեքշաբթի 29 Յուլիսին, երկու տարբեր խումբերով մեկնեցաւ Հայաստան: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ շրջանի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան մարզական ներկայացուցիչ Ժանօ Գահվէճեանը, օգնական ունենալով Շրջանային մարզական խորհուրդի ատենապետուհի քոյր Տէրտէրեանը եւ ճիւղերու մարզիչներէ կազմուած 10 հոգինոց խումբ մը:
«Մարզիկները խանդավառ են, որ պիտի մասնակցին պատմական նկատուող Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերուն: Անոնք, իրենց ընկերներու օգնութեամբ հանգանակային լայնածաւալ աշխատանքի ձեռնարկեցին, մասնակցութեան ծախսերը նուազեցնելու նպատակով եւ յաջողեցան: Այս մարզախաղերը գեղեցիկ առիթ մը պիտի հանդիսանան մեր պատուիրակութեան անդամներուն, նախ իրենք իրար հետ մտերմանալու եւ ապա նոր ծանօթութիւններ ստեղծելու աշխարհի չորս ծագերէն հայրենիք համախմբուած ՀՄԸՄականներուն հետ: Շնորհաւորելի աշխատանք մըն է այս նախաձեռնութիւնը, որ վստահ եմ անմոռանալի յիշատակներ պիտի ձգէ մեր յիշողութեան մէջ», ըսաւ Ժանօ Գահվէճեան, նախքան իր մեկնիլը:
Մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին շրջանի ՀՄԸՄէն մաս կը կազմեն Մանուէլ Մարսէլեան, Վիգէն Աբէլեան եւ Արման Գիլէճեան: Յանձնախումբին օգտակար կը հանդիսանան շրջանէն Վազգէն Գալայճեան եւ Սեւակ Կարապետեան:
Եզակի այս մարզախաղերը կ՛ընդգրկեն պասքէթպոլի, ֆութպոլի, փինկ-փոնկի, լողի եւ ճատրակի մարզաճիւղերը, որոնց բոլորին շրջանս կը մասնակցի, բացի՝ ճատրակի մրցումներէն:
Արեւմտեան շրջանը մարզախաղերուն կը մասնակցի պասքէթպոլի երկու մանչերու եւ մէկ աղջկանց խումբերով, ֆութպոլի մէկ խումբով, լողի չորս եւ փինկ-փոնկի երեք մարզիկ-մարզիկուհիներով:
Մարզախաղերու ընթացքին մասնակիցները առիթ պիտի ունենան այցելելու նաեւ հայրենի պատմա-մշակութային կոթողներ, հայրենի տեսարժան վայրեր:
Մարզախաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր, Շաբաթ, 1 Օգոստոս 2009ի երեկոյեան, Երեւանի հրապարակը:
Երանի անոնց, որոնք մասնակից պիտի դառնան պատմական այս ձեռնարկին:
Ստորեւ, Համա-ՀՄԸՄական 8րդ Մարզախաղերուն մասնակցող ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանի պատուիրակութեան մասնակիցներու ցանկը.-
Պատուիրակութեան Պատասխանատու
Ժանօ Գահվէճեան Շրջ. Վարչութեան անդամ եւ Պատուիրակութեան պատասխանատու
Նայիրի Տէրտէրեան Շրջ. Մարզական Խորհուրդի ատենապետ
Մարզիչներ
Ֆրէդ Բաբաճանեան, Փաթրիք Քոփուշեան, Յակոբ Աւետեան, Անթընի Խոստիկեան, Էդ Մարտիրոսեան, Ալպերթ Իսկանտարի, Ռուբէն Խոտատեան, Անդրանիկ Բակատուրեան, Հուրի Գազանճեան, Շանթ Դարբինեան:
Պասքէթպոլի Աղջկանց Խումբ
Մելանի Աւանէսեանս, Մելիա Բասաւանդ, Քարօլին Պիտրուսեան, Մարի Չիրիշեան, Արսինէ Էսքանտարի, Մելիսա Էսքանտարի, Մարալ Դարբինեան, Անի Գահվէճեան, Անժի Ղարաբաղի, Սեւան Շրիքեան, Նայիրի Թոկնոցցի, Այլին Վարդանեան, Մելանի Տէր Սարգիսեան:
Պասքէթպոլի Կրտսերներու Խումբ
Շանթ Պէրպէրեան, Ռաֆֆի Չալեան, Աբօ Կարապետեան, Ռուբէն Կէօտիկեան, Նարեկ Քոբուշեան, Ալեքսանտր Նազըրեան, Թադ Սաֆարեան, Անթընի Թահմազեան, Դաւիթ Եթենիքեան, Սեւան Զարիֆեան:
Պասքէթպոլի Մանչերու Խումբ
Վարդան Ամաեաքեան, Վահրամ Ամաեաքեան, Արման Աբիկով, Ճորճ Աբօշեան, Զարեհ Աւետեան, Ալան Բակատուրեան, Փաթրիք Բաղդասարեան, Տիգրան Գրիգորեան, Անթընի Խոստիկեան, Զարեհ Զարգարեան:
Ֆութպոլի Մանչերու Խումբ
Սուրէն Սակինեան, Ռաֆֆի Խամիսեան, Վազրիկ Աբրահամեան, Թոմիկ Բագոնեան, Դանիէլ Պետրոսեան, Իշխան Սէթղեան, Շանթ Խաչատուրեան, Մելւին Էյվազի, Վիգէն Քովայեան, Մարքօ Մեսրոպեան, Ռիչըրտ Կարապետեան, Դարեհ Յարթունի, Սեւատա Մարգաեան, Յովիկ Հաթամեան Թարքարտի, Դարեհ Միրզայեան, Հենրիկ Շահվէրդեան:
Լողի Խումբ
Ալեքս Բաղդասարեան, Ճիւլիա Մանուշակեան, Վաչէ Գազանճեան, Դալար Գազանճեան:
Փինկ-Փոնկ
Հրաչ Ճաւատեան, Ռոպերթ Շահնազարի, Էրիք Շահնազարի