ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 31ին, 62 տարի առաջ, սուգն ու վիշտը պատեցին արտերկրի հայ կեանքը։ Գահիրէի մէջ, 76 տարեկանին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, առյաւէտ փակուեցան աչքերը բժիշկ Համօ Օհանջանեանի։
Հայ ժողովուրդը կորսնցուց միասնական իր յարգանքին եւ համաժողովրդային պաշտամունքին արժանացած մեծ առաքեալ մը։
Հայրենի հողէն հեռու, տարագիր ու պանդուխտ, աչքը յառած Մասեաց խորհուրդին՝ այս աշխարհէն հեռացաւ ազատ ու անկախ Հայաստանի կերտիչներէն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ վարչապետը։ Դաշնակցականի փառքով եւ համազգային երախտագիտութեամբ ցուրտ հողին յանձնուեցաւ հայ յեղափոխական շարժման ճակատաբաց Ասպետը, որ առաւելագոյնս մարմնաւորեց ու շնչաւորեց՝ Խրիմեան Հայրիկի բառերով օրհներգուած՝ «Հայկական Նոր Ասպետութիւն»ը։
Ինչպէս իր կենդանութեան, նոյնպէս եւ մահուան առիթով, մեր ժողովուրդը Համօ Օհանջանեանին արժանացուց համազգային տարողութեամբ գնահատանքի ու մեծարանքի։
Տարբեր չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ Համօ Օհանջանեան ամբողջ հայութեան կը պատկանէր։ Դեռ չէ գրուած Համօ Օհանջանեանի կեանքին ու գործին համապարփակ պատմութիւնը, որ այնքան կենսական անհրաժեշտութիւն դարձած է այսօր, որպէսզի անխտիր բոլորին կողմէ այդ աստիճան սէր ու յարգանք վայելած աննկուն յեղափոխականին աւանդը շօշափելի դառնայ մերօրեայ սերունդներուն համար։
Իր անձին օրինակով, գաղափարական համոզումներով եւ բարոյական սկզբունքներով՝ Համօ Օհանջանեան եղաւ համառուսաստանեան տարողութեամբ ա՛յն յեղափոխական գործիչը, որ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն արժանաւորապէս բարձր պահեց արիւնոտ դրօշը հայ ժողովուրդի պայքարին՝ յանուն Արդարութեան եւ Իրաւունքի նուաճումին։
Հայկական æաւախքի արժանաւոր զաւակն էր. ծնած էր 1873ին, Ախալքալաք, Խասպաղջայի հանդիպակաց «Օհանջանովենց» թաղը, բազմանդամ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Կարնոյ եւ Բարձր Հայքի հայաշունչ դրոշմը, որ ընդհանրապէս տիրական էր 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի æաւախքի հայօճախներուն մէջ, յատկապէս զգալի էր Օհանջանեաններուն մօտ։ Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, որ Համօ Օհանջանեանի բանաւոր յուշերու պատառիկներէն մէկուն համաձայն, «Խրիմեան Հայրիկի Ախալքալաք այցելութեան ժամանակ, Համոյի մեծ մայրը, ընտանիքին 70 անդամները իր շուրջ հաւաքած՝ կը դիմաւորէ Հայրիկը։ Խրիմեան Հայրիկի այն հարցումին, թէ՝ ինչպէ՞ս կը կառավարէ այդքա՜ն բազմութիւն, մեծ մայրը կը պատասխանէ. «Զանոնք հաւասարապէս սիրելով»։ Ահա՛ պապենական այն մթնոլորտը, ուր շնչեց եւ մեծցաւ Համոն»։
Թէեւ մանկութեան, ծննդավայրի հայկական դպրոցին մէջ, Համօ ընդհանրապէս եղած է անհանդարտ եւ դասերուն նկատմամբ անտարբեր աշակերտ մը, որուն դպրոցի տնօրէնը արժանի չէ գտած ուսումնառութեան եւ յանձնարարած է արհեստի հետեւիլ… Այսուհանդերձ, երբ ծնողքը Համոյին ուղարկած է Թիֆլիս, ռուսական գիշերօթիկ վարժարան, պատանիի վարքուբարքին մէջ հիմնական փոփոխութիւն յառաջացած է։ Ան դասարանի բարձրագոյն նիշերով աւարտած է գիմնազիոնի ուսման շրջանը՝ արժանանալով ոսկեայ մետալի եւ բարձրագոյն ուսումը Մոսկուայի մէջ շարունակելու հնարաւորութեան։
Մոսկուան լրիւ հոգեփոխութեան կ՛ենթարկէ Օհանջանեանը։ Աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ ուսանողական շրջանակներու յեղափոխական խմորումներուն՝ միաժամանակ կանոնաւորաբար հետեւելով Մոսկուայի բժշկական համալսարանի դասընթացքներուն։ Սերտ յարաբերութիւններ եւ մտերմութիւններ կը հաստատէ ռուս թէ հայ յեղափոխականներու հետ, որոնք Համոյէն ստացած իրենց ջերմ տպաւորութիւնները մինչեւ վերջ կը պահպանեն։ Բայց ուսանողական ըմբոստացումներուն իր գործօն մասնակցութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ հեռացուի ոչ միայն համալսարանէն, այլեւ՝ Մոսկուայէն։ Կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր 1897ին իրեն կը միանայ ուսանողական տարիներու իր ընկերուհին՝ ռուս յեղափոխական Օլկա Վաւիլեւնան. կ՛ամուսնանան եւ կ՛ունենան երեք զաւակ՝ 2 մանչ (Մոնիկ եւ Արիկ) եւ դուստր մը (Գալիա)։
1899ին, ուսումը շարունակելու նպատակով, Համօ Օհանջանեան կ՛երթայ Լօզան, Զուիցերիա։ Երեք տարի կը հետեւի բժշկութեան մասնագիտացման՝ միաժամանակ բոլոր ուժերով նուիրուելով ուսանողական շրջանակներու մէջ յեղափոխական քարոզչութեան եւ ցուցական գործունէութեան։
Թիֆլիսէն արդէն ծանօթացած էր Քրիստափորի հետ եւ իրենց միջեւ ստեղծուած գաղափարական կապն ու մտերմութիւնը աւելիով կը խորանան, Լօզանի մէջ Համօ Օհանջանեանի ծաւալած աշխոյժ գործունէութեան ընթացքին։ Քրիստափոր մեծ համարում ունէր բժշկութեան ուսանողին գաղափարական ուղղութեան, յեղափոխական բարոյականին եւ հանդարտաբարոյ խառնուածքին, բայց միաժամանակ անզիջող սկզբունքայնութեան նկատմամբ։ Այդ մտերմութիւնն ու գործակցութիւնը մեծապէս օգնեցին, որպէսզի Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ուղղակի մաս չկազմած Համօ Օհանջանեանը, 1902ին ուսումը աւարտելով եւ Թիֆլիս վերադառնալով, ամբողջութեամբ նուիրուի յեղափոխական գործունէութեան՝ հանրային եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով։ Իբրեւ այդպիսին, Համօ Օհանջանեան բախտորոշ դեր կատարեց 1900ականներու դաշնակցական երիտասարդութեան եւ ՀՅԴ հիմնադիր սերունդին միջեւ գաղափարական ու կազմակերպական կամրջումը ամրապնդելու դժուարին գործին մէջ։
Որքա՜ն դիպուկ է Համօ Օհանջանեանի վերաբերեալ Սիմոն Վրացեանի այն բնութագրումը, թէ՝ «Նա իր մէջ տարրեր ունէր ե՛ւ Քրիստափորից, ե՛ւ Զաւարեանից, ե՛ւ Ռոստոմից. ուրոյն անհատականութիւն էր՝ տիպար մտաւորական եւ տիպար դաշնակցական՝ օժտուած մտաւոր ու բարոյական բարձր առաքինութիւններով»։
Մարդկային յարաբերութեանց մէջ դիւրահաղորդ եւ բարեհամբոյր, անձնուիրման մէջ հետեւողական եւ լուռ, բոլորին հասնող եւ ամէնուն կողմէ վստահութեան արժանացող իր խառնուածքով՝ հազիւ երեսնամեայ բժիշկ Համօ Օհանջանեանը դարձաւ Թիֆլիսի եւ ընդհանրապէս Կովկասի հայութեան ազգային-հասարակական եւ յեղափոխական կեանքի առաջատար ուժերէն մէկը։ Հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման 1903ի ցարական որոշումին դէմ համաժողովրդային բողոքին եւ պայքարին դրօշակիրներէն եղաւ։ Յանուն երկրի զինման եւ ազատագրական պայքարի ուժեղացման, Դաշնակցութեան ձեռնարկած «Փոթորիկ»ի դրամահաւաքին իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ Քրիստափորի կողքին։ Եւ յատկապէս ՀՅԴ գործունէութիւնը Կովկասի տարածքին եւս ծաւալելու շրջադարձին մէջ, ՀՅԴ Կովկասեան նախագիծը մշակելու եւ հաստատելու գաղափարական պայքարի ընթացքին, ուղղակի վճռորոշ եղաւ Համօ Օհանջանեանի դերակատարութիւնը։ ՀՅԴ Երրորդ եւ Չորրորդ Ընդհանուր ժողովներուն իր մասնակցութեամբ, նաեւ ՀՅԴ Արեւելեան Բիրոյի իր անդամակցութեամբ, Համօ պատմական դեր կատարեց Դաշնակցութիւնը ներքնապէս պառակտելու՝ աջի եւ ձախի, արեւմտահայու եւ արեւելահայու բաժնելու ցարական սադրանքներուն դիմագրաւման ու ձախողեցման մէջ։
Պատասխանատուութեան այդ դիրքէն Համօ Օհանջանեան աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալեց 1905ի համառուսական առաջին յեղափոխութեան շրջանին՝ թէ՛ ցարական կարգերը ժողովրդավարական արմատական բարեկարգման ենթարկելու պայքարին մասնակցելու, թէ՛ ցարիզմի հրահրած հայեւթաթարական ընդհարումները հակակշռելու առումներով։ Միեւնոյն շրջանին սկսաւ Համոյի գործակցութիւնը Հայ յեղափոխական շարժման բոցաշունչ նուիրեալին՝ Ռուբինայի հետ, որուն հետ հետագային ընդմիշտ պիտի կապէր իր կեանքը ամուսնութեամբ։
Համօ Օհանջանեան արդէն դարձած էր աչքի փուշը ցարական իշխանութեանց, երբ 1908ին ցարիզմը իր տապարի հարուածը ուղղեց Դաշնակցութեան դէմ՝ աւելի քան երկու հարիւր դաշնակցական ակնառու գործիչներ ձերբակալելով եւ Մետեխի բանտը նետելով։ Յատկապէս Համոյի նկատմամբ դաժան գտնուեցաւ ցարական իշխանութիւնը։ Մինչեւ 1912ի «Դաշնակցութեան Դատը», Համօ ահաւոր չարչարանքներու ենթարկուեցաւ մետեխի մէջ, որպէսզի խոստովանի Դաշնակցութեան «մեղքերը»։ Այդ չարչարանքներն ու անոնց դէմ անտեղիտալի դիմադրականութիւնը արդարօրէն Հայկական Յեղափոխութեան ճակատաբաց Ասպետի դափնեպսակին արժանացուցին Համօ Օհանջանեանին։ Դատավարութեան ընթացքին իր ունեցած ելոյթներն ու հայոց յեղափոխական շարժման կուռ պաշտպանողականը մեծապէս բարձրացուցին Համոյի վարկն ու հեղինակութիւնը, յաչս ոչ միայն ազատատենչ հայութեան, այլեւ արդարամիտ ռուսերուն։ Թէեւ Համօ դատապարտուեցաւ չորս տարուան տաժանակիր աշխատանքի՝ կալանավայրերու մէջ, Խարքով եւ ապա՝ հեռաւոր Սիպիր, թէեւ հիւծեցաւ ֆիզիքապէս, բայց ուր որ գտնուեցաւ, յեղափոխական իր շունչը տարածեց բոլորին վրայ, հաստատեց մտերմութիւններ եւ գործակցութիւններ, որոնք ապահովեցին իր անուղղակի մասնակցութիւնը հայ ազատագրական շարժման խմորումներուն։ Կալանաւորի իր տարիներուն էր, որ Ռուբինա պահապան հրեշտակի պէս հետեւեցաւ գաղափարի իր ընկերոջ քայլերուն՝ անոր ազատ արձակումը ապահովելու հետեւողական ճիգ թափելով։
1916ին, երբ ցարական քաղաքականութիւնը շրջադարձ կատարեց եւ Հայ կամաւորական շարժման առաջացման նպատակով Դաշնակցութեան առջեւ ասպարէզ բացաւ, Համօ Օհանջանեան սիպիրեան իր կալանավայրէն ուղղակի Թիֆլիս վերադարձաւ եւ իբրեւ բժիշկ՝ իր պատասխանատու դերակատարութիւնը ստանձնեց ռազմաճակատներու վրայ, Հայ կամաւորական գունդերու մղած կռիւներուն ընթացքին։ Այդ շրջանին ամուսնացաւ Ռուբինայի հետ։ Իսկ Հայաստանի անկախացման հերոսամարտերու օրերուն, Համօ իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցաւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին, որուն ընթացքին զոհուեցաւ իր Մոնիկ որդին։
Հայաստանի անկախութեան կերտումէն ետք, Համօ Օհանջանեան ամբողջապէս նուիրուեցաւ նորաստեղծ հանրապետութեան կռուաններու ամրապնդումին։ 1919ին անկախ երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9րդ Ընդհանուր ժողովին, ան ընտրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, իր մեծ օժանդակութիւնը բերաւ Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին-դիւանագիտական կապերու ընդլայնումին եւ ամրապնդումին։ Եղաւ Հաշտութեան խորհրդաժողովներուն մասնակցող Հայաստանի հանրապետութեան պատուիրակութեան փոխնախագահ։ Իսկ Մայիս 1920ին, երբ պոլշեւիկեան դաւադիր ըմբոստացումը տեղի ունեցաւ, ան գլխաւորեց Բիւրօ-կառավարութիւնը՝ անոր վարչապետութիւնն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստանձնելով։
Համօ Օհանջանեանի յեղափոխական կենսագրութեան երկրորդ ծանրակշիռ պահը ներկայացաւ 1920ի Դեկտեմբերին, երբ նորահաստատ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը դէպի Թիֆլիս ճամբուն վրայ ձերբակալեց Համօ Օհանջանեանը եւ Երեւանի մէջ բանտարկեց զայն։ Կենսագիրներու վկայութեամբ, պէտք էր տեսնել 1921ի Փետրուար 18ին Երեւանի բանտը մտած եւ դաշնակցական ղեկավար գործիչները ազատագրած մեր ժողովուրդին խանդավառ ցոյցերը. Համոն իրենց ուսերուն բարձրացուցած՝ ժողովրդային բազմութիւնները թաղէ թաղ շրջեցան Երեւանը, բոլորին վստահեցնելու համար, որ աննկուն յեղափոխականը փրկ-ուած էր Երեւանի բանտին մէջ անարգօրէն հայու արիւն թափող պոլշեւիկեան մոլուցքէն…
Փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան վախճանէն ետք, Համօ Օհանջանեան իր հերթին Զանգեզուրի վրայով անցաւ Թաւրիզ, ուրկէ 1923ին գնաց Գահիրէ եւ հոն ապրեցաւ մինչեւ մահ։
1928ին Համօ Օհանջանեան հիմնադիր մասնակցութիւն ունեցաւ Համազգային մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան կազմութեան աշխատանքներուն։ Ընտրուեցաւ նորակազմ միութեան նախագահ եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ մահ՝ իր կեանքի վերջին քսանամեակին կարեւոր ներդրում ունենալով Ճեմարանի հիմնադրութեան եւ ուժեղացման աշխատանքներուն։
Տարագրութեան այդ ամբողջ շրջանին եւս Համօ Օհանջանեան մաս կազմեց ՀՅԴ Բիւրոներուն՝ Դաշնակցութեան ներքին միութիւնն ու գաղափարական հետեւողականութիւնը պահպանող հիմնական ուժերէն մէկը մնալով։