ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Նիուզ.Էյ.Էմ.».- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիտկոր Լիփըրման, իսրայէլեան թիւ 9 հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ իր երկիրը չի կրնար դատողութիւններ ընել այս կամ այն երկրի՝ «Իսրայէլի դէմ Իրանի ահաբեկչական գործունէութեան մէջ ներգրաւուած ըլլալու» մասին, հիմնուելով բացառապէս թերթերու հրապարակումներու վրայ:
Իսրայէլացի նախարարը այս մասին յայտարարած է՝ պատասխանելով այդ հարցումին, որ կը վերաբերէր «Հայաստանի վրայ Իրանի ազդեցութեան ուժեղացման» եւ անոր հետ կապուած՝ իտալական «Corriere della sera» պարբերականին մէջ լոյս տեսած հրապարակման մասին, ըստ որուն՝ Թեհրան-Երեւան թռիչքի ընթացքին վթարի ենթարկուած «ՏՈւ-154» ինքնաթիռին մէջ կար «Հըզպալլա»ի համար նախատեսուած զէնք, որ եւ դարձած է ինքնաթիռին կործանման պատճառը:
«Իրանը չափազանց գործօն եւ ազդեցիկ է նախկին խորհրդային երկիրներու, յատկապէս՝ Հայաստանի եւ Տաճիկիստանի մէջ: Իսրայէլ ադիկա չի կրնար հաշուի չառնել: Սակայն նախկինին պէս յայտնի չէ, թէ ի՞նչ չափով Իրանը այդ երկիրներուն ներգրաւած է Իսրայէլի դէմ իր ահաբեկչական գործունէութեան մէջ, եւ մենք չենք կրնար այս պարագային հիմնուիլ բացառապէս թերթերու հրապարակումներուն վրայ», հաստատած է նախարարը:
Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերոնշեալ իտալական պարբերականին հրապարակումը որակած էր «անհիմն եւ ծիծաղելի»:
«Իրանից Հայաստանի տարածքով զէնքի տարանցման մասին յայտարարութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան ցածրարժէք սադրանք», յայտարարած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանը: