Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, որ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը, տիկին Կրէյս Անտոնեանը նշանակած է «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» Ազգային վարժարանի տնօրէն։
Կրէյս Անտոնեան 1986էն 1992 տարիներուն, իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած է «Մեսրոպեան» Ազգային վարժարանէն ներս, իսկ 1992էն 1994 եւ 1998էն 2006 տարիներուն՝ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» Ազգային վարժարանէն ներս։ Տիկին Անտոնեան լայն փորձառութիւն ունի ուսումնական եւ ուսուցման բնագաւառներուն մէջ։ Ան պսակաւոր գիտութեան վկայականը ստացած է Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանէն, քիմիագիտութեան ճիւղին մէջ:
«Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքը եւ մասնաւորաբար «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» Ազգային վարժարանը ծանօթ եւ հարազատ միջավայր են տիկին Կրէյս Անտոնեանի համար։ Ան երկար տարիներ իբրեւ ուսուցիչ եւ համայնքի ակտիւ անդամ իր մասնակցութիւնը եւ ներդրումը բերած է համայնքի աշխատանքներուն, յատկապէս՝ կրթական մարզին մէջ։ Մարմինս բարձր կը գնահատէ տիկին Անտոնեանի երկար տարիներու կրթական աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ուսումնական եւ ուսուցողական բնագաւառներէն ներս անոր ունեցած լայն փորձառութիւնը։ Մեր խոր համոզումն է, որ ուսուցչական կազմի անվերապահ աջակցութեամբ, նաեւ Ուսումնական մարմնին, յարակից մարմիններուն ու յանձնախումբերուն սերտ գործակցութեամբ, ան նոր նուաճումներու պիտի առաջնորդէ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» Ազգային վարժարանը», ըսաւ Խնամակալ մարմինի ատենապետ Մարք Կէտիկեան:
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք Տիկին Անտոնեանը իր այս պատասխանատու պաշտօնի նշանակման առիթով։ Այս առիթով մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքին եւ «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին։
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
Օգոստոս 06, 2009