ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էրկէնէքոն»ի երրորդ ամբաստանագրի հրապարակումը պատճառ դարձած է, որ լայնօրէն հրապարակուի այն հակահայ կեցուածքն ու գործունէութիւնը, որոնք ցուցադրուած էին ամբաստանեալներէն՝ Յատուկ գործողութիւններու նախագահի նախկին տեղակալ Իպրահիմ Շահինի կողմէ։ Երէկ արդէն հրապարակեցին, թէ մահափորձի ինչպիսի ծրագիր մը պատրաստուած էր Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ սրբազանին դէմ։
Ոստիկանութիւնը Իպրահիմ Շահինի տան մէջ գտած է բազմաթիւ ծրագիրներ, թուղթեր ու փաստաթուղթեր, որոնցմէ արդէն յայտնի կը դառնայ, թէ անոր գլխաւոր նպատակներէն մէկն էր զբաղիլ հայերու հետ, նաեւ երեւան հանել այն հայերը, որոնք «գրիփթօ հայ» կ՛որակուին եւ որոնք իրենց բուն ինքնութիւնը պահելով՝ թափանցած են պետական շրջանակներէ ներս։
Իպրահիմ Շահին, հայերու դէմ ուրիշ ծրագիրներու կարգին, ջանացեր է պատրաստել ցանկը այն անձերուն, որոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը կը պահեն: Շահինի տան մէջ գտնուած է նաեւ չորս էջերէ բաղկացած ցանկ մը, որուն վրայ արձանագրուած են ապահովութեան մարզի կարգ մը պաշտօնեաներու ինքնութեան բոլոր տուեալները։
Թրքական մամուլը Ուրբաթ, Օգոստոս 7ին դարձեալ կը յիշեցնէ, թէ Իպրահիմ Շահին Ֆաթմա Ճէնկիզ անունով իր գործակիցին 28 Դեկտեմբեր 2008ին ղրկած էր նամակ մը, ուր գրուած է. «Պարտականութիւն կայ։ Հայ պիտի սպաննուի»։ 24 Դեկտեմբեր, 2008ին ղրկուած ուրիշ բացիկի մը մէջ գրուած էր, թէ՝ ինք հայերու դէմ հիմնուած առաջին կազմակերպութեան առաջնորդն է։
Մահափորձերու վերաբերող թուղթերուն մէջ գտնուած են Հայոց պատրիարքարանի Գումգաբուի նկարներն ու գծագրութիւնները, նաեւ զանազան լուսանկարներ, որոնց կարգին Մութաֆեան սրբազանին լուսանկարը։ Ամէնէն կարեւորը այն է, որ այս թուղթերուն մէջ ճշդուած են անունները այն անձերուն, որոնք պիտի կատարեն գործողութիւնը։ Ինչպէս հրապարակուեցաւ երրորդ ամբաստանագրին մէջ, Իպրահիմ Շահին կապեր հաստատած էր զօրավար Վէլի Քիւչիւքի հետ, Մէհմէտ Ֆիքրի Գարատաղ, Մուզաֆֆէր Թէքին եւ Ճանէր Եիղիթ անուն գործակալներու միջնորդութեամբ։ Այս նպատակով կուտակուած զէնքերը եկած էին օդուժի հրամանատարութենէն։
Իպրահիմ Շահինի ու Ֆաթմա Ճէնկիզի միջեւ կայացած հեռաձայնի խօսակցութիւնները ցոյց տուած են, որ «Էրկէնէքոն»ը սկսած էր հետապնդելու այն անձերը, որոնք իրենց հայկական ինքնութիւնը պահած դիւանագէտներ էին, եւ որոնք տեղ ունէին Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ։ Այս նպատակով կազմակերպութիւնը կը ջանար պատրաստել ամբողջական ցանկը այն հայրենակիցներուն, որոնք Տիարպէքըրի, Թունճէլիի, Հաքքարիի կամ Վանի նման արեւելեան նահանգներու մէջ իրենց հայկական ինքնութիւնը գաղտնի պահած են։
11 Դեկտեմբեր 2008 թուականին Ֆաթմա Ճէնկիզի հետ կատարուած հեռաձայնի խօսակցութեան մէջ, Ֆաթմա Ճէնկիզ Աթաթիւրքի ուսին եւս բեռցուցած է կարգ մը պատասխանատուութիւններ, երբ ըսած է, թէ Աթաթիւրք, երբ այս հայերը ջարդելու սկսաւ, անոնք «գրիփթօ» դարձան, այսինքն՝ սկսան թաքցնել իրենց հայկական արմատը։ Բայց Ֆաթմա Ճէնկիզ աւելցուցած է, որ կան արձանագրութիւններ այս մարդկանց տեղերուն ու անուններուն մասին։ Անոնք գաղտնի հայերու մասին տեղեկութիւններ պահանջած են Ա. Ա. անունով անձէ մը։
Միւս կողմէ, «Զաման» թերթը Ուրբաթ օր գրեց, թէ Հայոց պատրիարքարանը որեւէ հակազդեցութիւն ցոյց չտուաւ Մեսրոպ պատրիարքի դէմ ծրագրուած մահափորձի հրապարակումին առնչութեամբ։ Թղթակիցները Հինգշաբթի առաւօտուն գացած են պատրիարքարան, բայց իրենց ըսուած է, թէ ներսը պատասխանատու անձ չկայ։