«ԱԶԴԱԿ».- «Պելկէ» հրատարակչութեան կողմէ նոր լոյս ընծայուած «Օսմանլը պանքասը/Արմէն Կարօնուն անըլարը» («Օսմանեան դրամատունը, Արմէն Կարոյի յուշերը») անուն գիրքը կ՛ընդգրկէ Արմէն Կարօ ծածկանունով ծանօթ ազգային գործիչ Գարեգին Փաստրմաճեանի յուշերը, որոնք գրուած են իր որդւոյն՝ Հրանդի ուղղեալ: Գիրքին սկիզբը տեղ տրուած է հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլուի՝ սոյն հրատարակութեան եւ Արփինէ Մեսրոպեանի անգլերէն տպագրութեան համար գրի առած նախաբաններուն։
Արմէն Կարօ իր յուշագրութիւններուն կը սկսի՝ պատմելով ծննդավայր հայրենի երկրի՝ Կարնոյ մասին։ Այդ տողերուն մէջ ընթերցողը կը ծանօթանայ նաեւ Փաստրմաճեան ընտանիքի անդամներուն հետ, որոնցմէ, գրեթէ Սարոյեանական ոճով կը յայտնուի նահապետական հայ ընտանիքի մը բնոյթը։
Ապա շատ հաղորդական գրական ոճով մը վկայութիւններ կը ներկայացնեն Սանասարեան վարժարանի եւ ապա՝ եւրոպական երկիրներու մէջ հայ մտաւորականի եւ ազգային գործիչի մը կեանքէն այլեւայլ դրուագներ, իսկ այս բոլորին նպատակն է՝ ամբողջ կեանքի մը մեղանչումը պարզել որդւոյն՝ Հրանդին։
Գիրքի տողերուն մէջ շատ յստակ է Օսմանեան դրամատան ուղղեալ ահաբեկչական յարձակումի վիպապաշտ-սիրողական ենթապատկերը, եւ սակայն գրողը բացարձակ լռութեամբ կ՛անցնի դէպքէն ետք տեղի ունեցած եռօրեայ ջարդերէն։ Իսկապէս վիպապաշտ-սիրողական երեւոյթ ըլլալ կը թուի դրամատան մը վրայ յարձակում կազմակերպելը 75 մարտիկներով ու վերջաւորութեան տեսնել, որ անոնցմէ 50ը հրաժարած է մասնակցելէ։ Ահա այդ 25 ֆետայիներու մեծայոյս ջանքն է, որ կը գործադրուի Օսմանեան դրամատան գրաւումով։ Քաղաքին մէջ կռիւ մը, որ նախ պիտի խլէ ֆետայիներէն ութ եւ պահակ զինուորներէն ալ հարիւրաւորներու կեանքը։
Դրամատան շէնքին ուղղեալ յարձակումը շա՛տ աւելի մեծ մարդկային կորուստի պատճառ դարձած է շէնքէն դուրս։ Հեղինակին համար կորուստ պիտի չհամարուի զինուորներուն կեանքը։ Ան իբրեւ ազնուական հրամանատար, տարուած է իր պատուաբեր պայքարով, որ չակերտեալ յաղթանակ մըն է իր խորքին մէջ, ինչպէս՝ առհասարակ ահաբեկչական բոլոր յաղթանակները։ Անխուսափելին եւս կը պատահի այս դէպքին մէջ, երբ Արմէն Կարօ պիտի չկարենար տեսնել իր ապրած թուականի հասկացողութիւններու ընծայած տեսլադաշտով։ Սակայն շուրջ հարիւր տարի ետք մենք կուտակած ենք անհամար փորձառութիւններ, որոնց լոյսին տակ դիւրաւ կը յայտնենք վճիռներ երբեմնի հերոսներու նկատմամբ։ Ուստի ընթերցողը պէտք է զգոյշ ըլլայ նաեւ թափանցելու համար տուեալ ժամանակահատուածի գաղափարական միջավայրը։ Երբ այդ նրբութեամբ դիտենք, յաւելեալ արժէք կը ստանան Արմէն Կարոյի յուշերը, քանի որ մեզ անգամ մը եւս կը տանին մօտիկ անցեալի պատմութեան կարեւոր մէկ եղելութեան մասին խորհրդածութիւններու։
Գիրքը իր վերջին էջերուն մէջ կը պարունակէ յաւելեալ փաստաթուղթեր, որոնք եւս արժէքը կ՛աւելցնեն Ռակըպ Զարաքօլուի հրատարակութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.