«Ասպարէզ»ի գոյութիւնը կ՛իմաստաւորուի անոր հաւատարմութեամբ ազգային մեր արժէքներուն:
Իր ազգային, ընկերային, քաղաքական ու համայնքային իրադարձութիւններու լրատուութեամբ, իր հրատարակած վերլուծական, մեկնաբանական յօդուածներով, իր արուեստի ու մշակոյթի աշխարհի մասին հրապարակումներով, իր առաջնորդող ու խմբագրական յօդուածներով, «Ասպարէզ» պարտաւոր է ջատագովել ազգային արժէքները, պաշտպանել զանոնք, անոնց վրայ հիմնել իր դիրքորոշումները, իր կեցուածքները:
Հարիւր տարի այդպէս եղած է: Նոր հարիւրամեակն ալ կը սկսի նոյն նշանաբանով, նոյն առաջադրանքով:
Շուկայական յարաբերութիւնները, տնտեսական նիւթական նկատառումները միշտ ալ ճնշող ազդակներ եղած են անցեալին ու պիտի շարունակեն ըլլալ հետագային՝ մեզ ամէն վայրկեան զիջումներու մղելու, մեզ պարտադրելու, որ անտեսենք ամէնէն կարեւոր սկզբունքները ու աչք փակենք մեր էութիւնը խաթարող զանցումներու, թերացումներու, ընկրկումներու հանդէպ: «Ասպարէզ» պայքարած է ու պիտի շարունակէ արժանապատուութեամբ դիմագրաւել ամէն տեսակի նիւթական ու տնտեսական դժուարութիւն՝ մնալով անզիջող իր սկզբունքներով ղեկավարուելու վարքագծին մէջ:
Ազգային արժէքներու հանդէպ «Ասպարէզ»ի հաւատարմութեան գլխաւոր երաշխաւորը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, որ իր կազմակերպական վերահսկողութիւնը կը բանեցնէ թերթի խմբագրական աշխատանքներուն: Իր պաշտօնաթերթէն ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը պահանջէ չշեղիլ ի՛ր ալ պատմութեամբ նուիրագործուած ազգային արժէքային համակարգէն բխած ուղեցոյցէն:
Հաւատարիմ մնալ այս դարերէն եկած, դարերով սրբագործուած արժէքներուն, չի նշանակեր հնաբոյր հրատարակութեամբ ներկայանալ ընթերցող հանրութեան, որ անհեթեթ պիտի դարձնէր այն ամէն ճիգն ու աշխատանքը, զոր կը դրուի թերթի լոյս ընծայման ամէնօրեայ հեւքին մէջ: Անհեթեթ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան պիտի չկարենայ հաղորդակցիլ ժամանակի խնդիրներով տագնապող, արհեստագիտութեան ոստումներով թռիչք առած լրատուական ու տպագրական ոլորտի զարգացումներով շրջապատուած հայ ընթերցողին հետ:
Հաւատարիմ մնալով ազգային արժէքներուն՝ ըլլալ արդիական, թարմութեամբ ճառագայթել ու փորձել հրապուրել ամէնէն պահանջկոտ, ամէնէն բծախնդիր ընթերցողները. ակնկալութեանց նշանաձողը այսքան բարձր բռնելով՝ մենք մեր աշխատանքը արդիւնաւէտ դարձնելու ճիգը բազմապատկելու բարոյական ճնշումը կը փորձենք մշտականօրէն աւելցնել:
Դժուար է, յաճախ, տարբեր ժամանակներու, տարբեր սեղմումներու ու սահմանափակումներու պատճառով նոյնիսկ անկարելի կրնայ ըլլալ պահել այդ նշանաձողին մօտենալու խոստումը: Լեզուական սայթաքումներէն սկսեալ մինչեւ գաղափարական ու սկզբունքային շեղումները, անշուշտ՝ անգիտակցաբար, անշուշտ՝ ակամայ, բայց եւ այնպէս մեր կեանքին, մեր գործին մէջ իրենց տգեղ երեսը յաճախ կրնան ցոյց տալ:
Մենք պիտի փորձենք մեր կարելին ընել նուազագոյնի բերելու թերթի ձեւին ու լեզուին մէջ երեւացող թերութիւններն ու սխալները, իսկ գաղափարական ու սկզբունքային շեղումները չեն ներուիր մեզի՝ ո՛չ ձեր, ո՛չ ալ մանաւանդ ՀՅ Դաշնակցութեան պատկան մարմիններու կողմէ:
Այսպէս, կը շարունակենք մեր ճամբան: