ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ղարաբաղի հարցով Միացեալ Նահանգներու միջնորդ Մէթիու Պրայզա առաջին անգամ ըլլալով ընդարձակ մանրամասնութիւններով արծարծեց տագնապի լուծման համար քուլիսներու ետին ընթացող բանակցութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող ճակատագրական հարցերը։
Պրն. Պրայզա Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահն է եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնականի փոխանորդը։ 7 Օգոստոսին Ծաղկաձորի Մարդկային իրաւանց միջազգային կեդրոնին մէջ ան ունեցաւ ելոյթ մը Արցախի մասին։ Պրն. Պրազայի երկար ներկայացումին յաջորդեց հարցում պատասխանի երկար պահ մը (տասնինը էջնոց), որ արձանագրուեցաւ «Նիուզ.էյ.էմ.» հայկական լրատուական գործակալութեան կողմէ։
Մինչ պրն. Պրայզա հերթականօրէն հանդիպած է մամուլի ծառայողներուն հետ, Հայաստան եւ Ատրպէյճան տուած իր յաճախակի այցելութիւններուն ընթացքին, յաճախ հերքելով այն ինչ, որ ըստ տեղեկագրութիւններուն յայտարարած կ՛ըլլար Պաքուի մէջ՝ ան ասկէ առաջ երբեք չէ բացայայտած երկու տագնապի մէջ եղող երկիրներու նախագահներուն եւ Մինսկի խումբի երեք համանախագահներուն՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն, միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները։
Հայաստանի հանրային կարծիքը վստահաբար կը գնահատէ Արցախի տագնապին ապագայի համաձայնութեան պայմանները քննարկելու Պրայզայի պատրաստակամութիւնը։ Այդուհանդերձ, այդ մէկը մտածել կու տայ նաեւ թէ՝ ինչո՞ւ ան այդքան շատախօսելու տրամադրութեան մէջ էր։ Արդեօ՞ք ան Հայաստանի հանրային կարծիքը կը նախապատրաստէ ցաւալի զիջումներու համար, որոնք պիտի պահանջուին, կամ կը փորձէ լաւ տպաւորութիւն ձգել իր Ուաշինկթընի մեծաւորներուն մօտ, իր բանակցային ձիրքերուն համար, տրուած ըլլալով, որ կը մտածուի իրեն տալ դեսպանի դիրք Պաքուի մէջ։
Իր խօսքին սկիզբը Պրայզա նշեց, թէ Արցախի տագնապին լուծման բանակցութիւնները հիմնուած են Հելսինքիի վերջին օրէնքի (Ինքնորոշման իրաւունք, հողային ամբողջականութիւն եւ ուժի չգործածութիւն) երեք հիմնական սկզբունքներուն վրայ։
Դիտել տալով, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները «ներկայիս ճեղքում մը կատարելու վրայ են», հաստատում մը, զոր ան բազմիցս կատարած է անցեալին՝ Պրայզա շարունակեց բացայայտելով մեծապէս խնդրայարոյց ճանապարհաքարտէս մը, որ ներկայիս քննարկման մէջ է։ Ան նշեց, թէ Արցախ իր ներկայի կարգավիճակը պիտի պահէ «անցումային ժամանակաշրջանի» մը համար։ Այդ միջոցին հայերը Ատրպէյճանին պիտի վերադարձնեն Արցախի շուրջ գտնուող «եօթը տարածքներ»ուն մեծ մասը։ Երբ պատերազմի ընթացքին Արցախէն հեռացած ատրպէյճանցի գաղթականները տուն վերադառնան, հանրաքուէ մը պիտի կազմակերպուի՝ որոշելու համար Արցախի վերջնական կարգավիճակը։
Հարց-պատասխանի ընթացքին, Պրայզա նշեց, թէ Մինսկի խումբի համանախագահները յուսախաբ եղած էին, որ Մոսկուայի մէջ իրենց 17 Յուլիսի հանդիպումին նախագահներ Սարգսեան եւ Ալիեւ չէին համաձայնած «հիմնական սկզբունքներու վերջին կէտերուն մէկ մասին շուրջ», հակառակ այն իրողութեան, որ Զիւրիխի մէջ կայացած իրենց Յունուարի հանդիպումին, անոնք «համաձայնած էին հիմնական յղացքներուն շուրջ»։ Ան դիտել տուաւ, թէ կ՛ակնկալէր, որ անոնց միջեւ համաձայնութիւն գոյանար Սեպտեմբերին, այն «հիմնական սկզբունքներու վերջին կարգ մը կէտերու ուղղութեամբ, որոնց շուրջ տակաւին անհամաձայնութիւն կայ»։
Ատրպէյճանի կատարելիք զիջումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Պրայզա լուսարձակի տակ առաւ Արցախը Հայաստանին կցող Լաչինի միջանցքին նկատմամբ Պաքուի հետզհետէ յարմարող դիրքը, արցախահայութեան ապահովութեան նկատմամբ անոր մտահոգութիւնը ինչպէս նաեւ իրենց հարցերը իրենց կամքով վարելու անոնց պէտքը։ Պրն. Պրայզան նաեւ նշեց, թէ «Ատրպէյճան բաւական զիջում կատարած էր իր սկզբնական դիրքէն, երբ կ՛ըսէր, թէ չէր ուզեր խօսիլ ինքնորոշման իրաւունքին մասին։ Եւ, անշուշտ, Ատրպէյճանը ներկայի դիրքին հասցնելու համար Հայաստանն ալ պէտք է հրաժարէր բանէ մը… Ուստի երկու կողմերն ալ զիջումներ կը կատարեն»։
Պրայզա պաշտպանեց Արցախը ճանչնալու Միացեալ Նահանգներուն դժկամութիւնը՝ դիտել տալով, թէ Հայաստանի կառավարութիւնն ալ չէ ճանչցած զայն։ Ան աւելցուց, թէ Հայաստան չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը, որովհետեւ «գիտէ, թէ երբ այդ մէկը ընէ, խաղաղ համաձայնութեան մը յանգելու առիթները վերջ կը գտնեն»։
Առ ի պատասխան ներկաներուն այն բողոքին, թէ՝ Արցախը դուրս կը ձգուի բանակցութիւններէն, Պրայզա անոր բացակայութեան պատասխանատուութիւնը դրաւ Քոչարեանի կառավարութեան վրայ։ «Մինչեւ 1998 Ղարաբաղի հայերը պաշտօնապէս մաս կը կազմէին բանակցութիւններուն։ Այդ թուականին Հայաստանի նախկին կառավարութիւնն էր, որ որոշեց փոխել այդ կացութիւնը։ Համանախագահները չէին, որ այդ որոշումը առին, այլ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը», նշեց ան։ Պրայզա չնշեց այն իրականութիւնը, թէ՝ Ատրպէյճան մերժած էր բանակցութիւններուն մէջ Արցախի ներառումը։
Պատասխանելով ուրիշ հարցումի մը՝ Պրայզա կատարեց այն զարմանալի բացայայտումը, թէ՝ միջազգային խաղաղարար զօրքերը, որոնք պիտի տեղաբաշխուին Արցախի մէջ եւ անոր շուրջը, զինուած պիտի չըլլան, պարզապէս, որովհետեւ անոնք պիտի չկարենան արգիլել երկու կողմերուն որ չկռուին, եթէ անոնք մտադրութիւն ունենան պատերազմելու իրարու դէմ։ Ան նշեց, թէ «Երկու համանախագահները պէտք է բաւարար չափով խելացի եւ հմուտ ըլլան յանգելու համաձայնութեան մը, որուն մէջ միջազգային խաղաղապահները գլխաւոր դիտորդներ ըլլան»:
Պրայզան անկեղծօրէն յայտնեց իր հայ հանդիսատեսներուն, թէ պէտք չէ վստահին միջազգային խաղաղապահներուն՝ Արցախի խաղաղութիւնը ապահովելու գործին մէջ։ Ան նաեւ նշեց, թէ Արցախի կարգավիճակը որոշող «օրէնքի ուժ ունեցող» հանրաքուէ մը պիտի կազմակերպուի քանի մը տարի ետք, երբ Ատրպէյճանի սկզբնական բնակիչները, որոնք պատերազմէն առաջ կը կազմէին շրջանի բնակչութեան քսան տոկոսը, վերադառնան Արցախ:
Պրայզա եզրակացուց՝ կոչ ուղղելով հայերուն, որ ընդունին «զիջումի լուծում մը այսօր», զգուշացնելով, թէ «Տասնամեակ մը առաջ Հայաստանը բանակցային շատ աւելի հզօր դիրքի մէջ էր»։
Հաւանական համաձայնութեան մը պայմանները, ինչպէս հակիրճ ձեւով նշուեցան Պրայզայի կողմէ, աղետալի հետեւանքներ ունին հայերուն համար։ Հայերէն կ՛ակնկալուի, որ նախ Ատրպէյճանին վերադարձնեն Արցախի շուրջ գտնուող բոլոր տարածքները։ Ապա Արցախի նախկին ատրպէյճանցի բնակիչները պէտք է վերադառնան, որմէ ետք հանրաքուէ մը տեղի պիտի ունենայ Արցախի կարգավիճակին համար, ՈՉ-ԶԻՆԵԱԼ միջազգային խաղաղապահներուն հսկող աչքերուն ներքեւ։ Եթէ ապագային Ատրպէյճանը իր փեթրոտոլարները գործածելով ձեռք ձգէ արդիական զինամթերք եւ ներխուժէ Արցախ, յատկապէս՝ երբ հայերը հրաժարած կ՛ըլլան այն չէզոք գօտիէն, զոր ներկայիս կը հակակշռեն, Արցախի բնակչութիւնը կատարեալ կործանումի վտանգին մէջ պիտի գտնուի։
Հայկական տեսանկիւնէն՝ Արցախի տագնապին համար միակ ընդունելի լուծումը կա՛մ ներկայի իրադրութիւնը պահելն է, կա՛մ ալ ընդունիլն է ծրարային համաձայնութիւն մը, որ պիտի պահանջէ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը եւ սահմանի ատրպեճանական կողմը զինաթափուած գօտիի մը հաստատումը, նախքան որեւէ ինչ հող տալը կամ մէկ ատրպէյճանցի գաղթականի վերադարձը արտօնելը:
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր