ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Օգոստոս 21ին, ամերիկեան բանակի սպայ մը, որ յանցաւոր գտնուած էր Վիեթնամի պատերազմի ընթացքին Մայ Լայ շրջանին մէջ զանգուածային ջարդեր կազմակերպելուն համար, հրապարակաւ ներում հայցեց: Արդարեւ, Ուիլեըմ Քալի, Ճորճիայի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Չ՛անցնիր օր մը, որ Մայ Լայի մէջ պատահածին համար խղճի խայթ չունենամ։ Խղճի խայթ կ՛ունենամ սպաննուած վիեթնամցիներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ առնչակից ամերիկացի զինուորներուն համար։ Ներեցէ՛ք ինծի»։
æարդը տեղի ունեցած էր 16 Մարտ, 1968ին։ Քալիի հրամանատարութեան տակ գտնուող խումբը քաղաքայիններու վրայ կրակ բանալով՝ սպաննած էր տարեցներ, կիներ եւ մանուկներ, մինչ երիտասարդները դաշտերուն մէջ աշխատանքի մեկնած էին։ Զոհերուն ճշգրիտ թիւը վիճելի է, սակայն կը կարծուի, թէ 347-504 անզէն քաղաքայիններ սպաննուած են այդ դէպքին:
æարդը բացայայտուեցաւ Նոյեմբեր 1969ին, լրագրող Սիմուր Հըրշի կողմէ: